ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- 1991ին հիմնուած Քալիֆորնիոյ Հայ երիտասարդաց միութիւնը կարեւոր մշակութային կեդրոն մը եղած է հայ համայնքին համար։ Ամոր անդամներուն եւ բարեկամներուն ժրաջան աշխատանքով եւ աջակցութեամբ կարելի եղաւ միութեան կեդրոնի շէնքը եւ հողը սեփականացնել։ Սակայն, ժամանակի ընթացքին, գործունէութեան ծաւալին աճ պարտադրեց միութեան բարելաւման գործը շարունակելու եւ այսօր նոր մարտահրաւէրի դէմ յանդիման կը գտնուի ու լծուած է երկրորդ յարկ կառուցելու աշխատանքին՝ առաւել եւս զարգացնելու համար միութեան մշակութային աշխատանքը։ Աշխատանք մը, որ բաւական մեծ գումարի կը կարօտի։
Ուրախ ենք եւ երախտապարտ միութեան անդամներ տէր եւ տիկին Նաթան եւ Սթեֆընի Մէսճեաններուն, որոնք 200,000 տոլարի նուիրատուութիւն մը կատարեցին միութեան, երաշխաւորելով շինարարութեան պարտքը եւ երկրորդ յարկի կառուցման գործին իրականացումը, որ պիտի նպաստէ միութեան գործունէութեան զարգացման եւ առիթ ընծայէ աւելի մեծ թիւով երիտասարդներու մասնակցութեան հայ մշակոյթի զարգացման։
Միութեանս վարչութիւնը եւ անդամները մեծապէս շնորհակալ են տէր եւ տիկին Մէսճեաններէն այս հսկայ նուիրատուութեան համար ու կ՛աղօթեն որ ամենակալ Տէրը երկար կեանք եւ առողջութիւն ընծայէ իրենց, որպէսզի շարունակեն իրենց ազգօգուտ առաքելութիւնը, օրինակ դառնալով բոլորին՝ պահելու եւ զարգացնելու հայ մշակոյթը։
ՔՀԵՄ-Ի ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ