ԵՐԵՒԱՆ», «Արմէնփրէս».- 12 Օգոստոսին, արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան ընդունեց «Մուտիզ» միջազգային վարկանշային կազմակերպութեան ներկայացուցիչները:
Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի ներքաղաքական վերջին զարգացումներուն, կառավարութեան կողմէ իրականացուող բարեփոխումներու գործընթացին եւ երկրի արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւններուն:
Եւրոպական Միութեան հետ գործակցութեան ընթացքին մասին խօսելով՝ նախարար Մնացականեան արժեւորեց Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւններուն հետ յարաբերութիւններու նոր իրաւական հիմք հանդիսացող Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրին դերը՝ իբրեւ կարեւոր գործիք Հայաստանի մէջ ընթացող բարեփոխումները խթանելու համար:
Զօհրապ Մնացականեան զրուցակիցներուն ներկայացուց Արցախի հարցի կարգաւորման գործընթացին նկատմամբ Հայաստանի սկզբունքային դիրքորոշումը եւ մօտեցումները՝ առանձնապէս կարեւոր համարելով խաղաղութեան նպաստող միջավայրի ձեւաւորումը եւ վտանգներու նուազեցման համար նախաձեռնութիւններ կազմակերպելը: