ԵՐԵՒԱՆ.- «Փոպետա» օդանաւային ընկերութեան պատկանող օդանաւ մը 19 Օգոստոսին, երեկոյեան ժամը 9:04ի շուրջ, Գիւմրիի «Շիրակ» օդակայանը վայրէջք կատարելու ընթացքին յետնամասով հարուածեց վազքուղին, որուն իբրեւ հետեւանք՝ պոչը վնասուեցաւ:
Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ այս մասին յայտնեց Քաղաքացիական աւիացիայի կոմիտէն:
Նշենք, թէ օդանաւին մէջ կային 173 ճամբորդներ. դէպքին իբրեւ հետեւանք վնասուողներ չկան: Դէպքի հանգամանքները պարզելու նպատակով՝ ստեղծուեցաւ յանձնաժողով մը: «Փոպետա» օդանաւային ընկերութեան յաջորդ թռիչքը պիտի իրականացուի անոր պատկանող պահուստային օդանաւով: