Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարի վերանորոգման աշխատանքները սկիզբ առին 20 Օգոստոսին եւ պիտի տեւեն շուրջ երկու ամիս: Վերանորոգման ծախսերը ստանձնած են Ամերիկայի արեւմտեան թեմի ազգայիններ տէր եւ տիկին Յովսէփ եւ Էլիզապէթ Պօյաճեաններ:
Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին գահակալութեան շուրջ 25 տարիներուն ընթացքին երրորդ անգամն ըլլալով Մայր տաճարը կ՛ենթարկուի ամբողջական վերանորոգման՝ բնականաբար յաճախակի առիթներով կատարուած բարեզարդման որոշ աշխատանքներու առընթեր:
Մայր տաճարի վերանորոգման շրջանին Սուրբ եւ անմահ պատարագները պիտի մատուցուին տաճարին կից գտնուող դամբարանի մատրան մէջ: