ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».- Վերջերս, Ստեփանակերտի եւ Արցախի կարգ մը շրջաններու մէջ ծագեցաւ ըմպելի ջուրի հարց մը։ Արցախի Հանրապետութեան նախկին վարչապետ, Ազատ հայրենիք կուսակցութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան այս մասին գրած է «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ՝ դիտել տալով, որ այս հարցը երկարատեւ ժամանակամիջոցի մէջ կարելի չէ յաղթահարել տեղական մօտեցումներով, այլ պէտք է աշխատիլ Պատարայի ջրամբարի կառուցման ուղղութեամբ։
Ըստ անոր՝ համայնքներուն մէջ ներքին ցանցի կառուցումը այս իմաստով ծրագիրին միայն մէկ մասը կը կազմէ, եւ, մասնագիտական դիտարկումներու համաձայն, աշխատանքները պէտք է շարունակուին ջրային նոր պաշարներու ներգրաւումով, որովհետեւ վտանգի գործօնը մեծ է, որ շատ տաք եղանակներուն պատճառով ամէն տարի այս անհաճոյ կացութեան դէմ յանդիման կը գտնուի երկիրը։
«Մայրաքաղաքի դէպքում խնդրի լուծման գլխաւոր երաշխիքը կարող է հանդիսանալ Պատարայի ջրամբարի կառուցումը, որի նախագծանախահաշուային բոլոր փաստաթղթերը պատրաստ են: Այն շահագործելու պարագայում Ստեփանակերտն ամբողջութեամբ կ՛ապահովենք շուրջօրեայ ու աւելի որակեալ խմելու ջուրով: Խմելու եւ ոռոգովի մշտական ջուր կ՛ունենան նաեւ Ասկերանի շրջանի տասնեակ գիւղական համայնքներ եւ հազարաւոր հեկտար անջրդի հողատարածքներ:
«Հաշուի առնելով հարցի օրախնդիր լինելը, «Ազատ Հայրենիք» կուսակցութիւնը որոշում է կայացրել աշնանային նստաշրջանում «Հայրենիք» խորհրդարանական խմբակցութեան միջոցով հետեւողական աշխատանք ծաւալել, որպէսզի ջրամբարի կառուցման ծրագիրը ներառուի 2020թ. պետական բիւջէի ծախսային մասում», նշեց Յարութիւնեան՝ ընդգծելով, որ ասիկա խմբակցութեան համար սկզբունքային հարց պիտի ըլլայ: