ՊԷՅՐՈՒԹ.- Նախաձեռնութեամբ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան, Հինգշաբթի, 3 Հոկտեմբերի երեկոյեան, վարչապետ Սաատ Հարիրիի Կեդրոնական Պէյրութի բնակարանին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ հանդիսութիւն մը, որուն ընթացքին ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութիւնը «Արտակարգ» պատուանշանով պարգեւատրեց վարչապետ Հարիրին:
Պարգեւատրման ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան վարչապետ Սաատ Հարիրի, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ Յակոբ Թերզեան, նախկին նախարարներ եւ երեսփոխաններ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի եւ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արք. Ալեէմէզեանի ներկայացուցիչը, Լիբանանի թեմի քարոզիչ Անանիա Ծ. վրդ. Գուճանեան,
Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքի եւ Հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեանի ներկայացուցիչ հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեան, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի ներկայացուցիչ վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան եւ Կեդրոնական վարչութեան անդամներ, ՀՄԸՄ¬Ֆրանսի Մեկուսի վարչութեան ատենապետ Արամ Սիսեռեանի ներկայացուցիչ՝ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամ Հրաչ Սիսեռեան, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչը, ՀՄԸՄի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը, Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. Փօլ Հայտոսթեան, ինչպէս նաեւ լիբանանահայութեան ազգային կառոյցներու պատասխանատուներ:
Ձեռնարկը սկսաւ հայր Անանիա Գուճանեանի կողմէ կարդացուած յատուկ գիրով, որուն մէջ ան անդրադարձաւ ՀՄԸՄի առաքելութեան՝ ընդգծելով հայ պատանիներուն եւ երիտասարդ սերունդներուն սկաուտական եւ մարմնակրթական առումով անոր տուած դաստիարակութեան կարեւորութիւնը:
Ապա խօսք առաւ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Րաֆֆի Կէօվօղլանեան, որ ըսաւ, թէ պատմութիւնը կը կերտուի արտակարգ անձնաւորութիւններու կողմէ, ինչպէս նաեւ արտակարգ իղձերու եւ ձգտումներու հիման վրայ:
«Այսօր, իբրեւ ՀՄԸՄ եւ Լիբանանի մէջ գործող երիտասարդական միութիւններ, մենք կ՛ապրինք պատմական պահեր: Ունինք երիտասարդ վարչապետ մը, որ հսկայ ձգտումներով, բարեկարգումի միտումով, հզօր կամքով եւ առաջադրանքներով կը ջանայ գործադրել այնպիսի ծրագիրներ, որոնց գործադրութիւնը անկարելի կը թուի անոնց համար, որոնք հաւատք չունին անոր կարողութիւններուն, նոր սերունդին եւ բարգաւաճ ապագային հանդէպ», ըսաւ ան:
Ր. Կէօվօղլանեան նշեց, որ շուրջ երկուքուկէս տասնամեակ առաջ սկսած է ՀՄԸՄի պատմութիւնը նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի հետ, երբ անոր սիրտին շատ մօտիկ անձ մը՝ Հրաչ Սիսեռեան խնդրանքով մը ներկայացած էր նահատակ վարչապետին:
Օրին ՀՄԸՄ-Ֆրանսի ատենապետ Հ. Սիսեռեանի խնդրանքին ընդառաջած էր Ռաֆիք Հարիրի եւ հսկայ գումար մը նուիրրած ՀՄԸՄ-Ֆրանսի մարզամշակութային համալիր մը կառուցելու ծրագիրին յատկացուած ֆոնտին:
Ան աւելցուց, որ Ռաֆիք Հարիրի՝ մինչեւ իր նահատակութիւնը, տարեկան դրութեամբ իր նուիրատուութիւնը կատարած է այդ ֆոնտին:
«Ռաֆիք Հարիրի ահաբեկուեցաւ, սակայն անոր երազը մնաց կենդանի: Ռաֆիք Հարիրի ահաբեկուեցաւ, սակայն անոր գործելաոճը մնաց կենդանի՝ իր զաւակին՝ վարչապետ Սաատէտտին Հարիրիի գործունէութեան ընդմէջէն, որովհետեւ ան կառչած մնաց այն սկզբունքներուն, որոնց հիման վրայ հասակ նետած էր Հարիրի ընտանիքին յարկին տակ: Ձեր զօրակցութիւնը երիտասարդական, սկաուտական եւ մարմնակրթական միութիւններուն ընդհանրապէս, եւ ՀՄԸՄ-Ֆրանսին յատկապէս, ձեզ դարձուց արտակարգ անձնաւորութիւն մը», ըսաւ ան:
Վարչապետ Հարիրի ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետին կողմէ պարգեւատրուեցաւ «Արտակարգ» պատուանշանով, իսկ Հրաչ Սիսեռեան իր կարգին վարչապետ Հարիրիին յանձնեց պատուանշանին վկայագիրը:
Ջերմ ծափողջոյններէն ետք, վարչապետ Հարիրի իր խօսքին մէջ վերյիշեց Ֆրանսա ապրած իր ժամանակաշրջանը եւ մտերիմ բարեկամութիւնը Հրաչ Սիսեռեանի եւ անոր եղբօր՝ Պերճ Սիսեռեանի հետ:
Ան նշեց, որ անոնք իր հօր մտերիմ բարեկամներն էին, որոնք անկեղծ էին եւ նուիրումով կ՛աշխատէին Ռաֆիք Հարիրիի հետ:
«Հօրս նահատակութենէն ետք, մեզի համար շատ մտերմիկ էր այս յարաբերութիւնը եւ կը շարունակէ այդպէս մնալ: Մենք նոյնքան անկեղծութեամբ եւ նուիրումով մէկ ընտանիքի նման կը շարունակենք մեր կեանքը: Յիշողութեանս մէջ միշտ դրոշմուած է այն իրականութիւնը, որ երեկոյեան ժամերուն Հրաչը կ՛անհետանար: Յստակ էր, ան ՀՄԸՄի իր աշխատանքները կը կատարէր՝ առաւելագոյն նուիրումով», ըսաւ ան:
Վարչապետ Հարիրի շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՄԸՄի Կեդրոնական եւ Շրջանային վարչութիւններուն, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ-Ֆրանսին, իր ստացած պատուանշանին համար: