ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Ամէն անգամ, երբ Թրամփ հեռաձայնային զրոյց կ՛ունենայ ուրիշ պետութեան մը ղեկավարին հետ, կրնանք աղէտալի հետեւանք ակնկալել: Թրամփ չի գիտակցիր իր որոշումներուն հետեւանքներուն՝ Միացեալ Նահանգներուն եւ աշխարհի համար: Ան իր գլխաւոր օգնականներէն պատշաճ տեղեկութիւններ չի խնդրեր եւ չի հետեւիր անոնց խորհուրդներուն:
6 Հոկտեմբերին, Թրամփի հեռաձայնային զրոյցը Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ բացառութիւն չէր: Մինչ Սպիտակ տունը դժկամօրէն հրապարակեց Ուքրանիոյ նախագահին հետ Թրամփի հեռաձայնային զրոյցին ամփոփագիրը, որուն յաջորդեց բացայայտողին զեկոյցը, Էրտողանի հետ Թրամփի զրոյցը տակաւին հրապարակուած չէ, եւ ոչ ոք գիտէ, թէ ճիշդ ի՛նչ ըսուած է այդ հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին: Մեր ամբողջ գիտցածը այն է, որ Էրտողան Թրամփէն խնդրած է հեռացնել ամերիկեան զօրքերը Հիւսիսային Սուրիայէն՝ թոյլ տալով Թուրքիոյ՝ ներխուժել Սուրիա, վռնտել հարիւր հազարաւոր քիւրտ քաղաքացիները Սուրիոյ սահմանէն 20 մղոն հեռու եւ սպաննել հարիւրաւոր քիւրտեր՝ Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցները, որոնք նոյն վայրին մէջ պայքար կը մղեն ՏԱԷՇի ահաբեկիչներուն դէմ: Թրքական զօրքերը պատերազմական յանցանքներ կը գործեն, իսկ նախագահ Թրամփ թոյլ տուաւ անոնց՝ վարուիլ այսպէս…
Ամբողջ աշխարհը անմիջապէս հասկցաւ, որ ասիկա Թրամփի թոյլ տուած կոպիտ սխալն էր: Նոյնիսկ հանրապետական քոնկրեսականները, որոնք կուրօրէն կը սատարէին անոր եւ կ՛անտեսէին անոր բազմաթիւ անօրինականութիւնները եւ անբարոյականութիւնը, բարձրաձայն կը քննադատէին իրենց «սիրելի» նախագահը:
Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը քննարկեց Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներու ընդունումը, ինչ որ ստիպեց Թրամփին՝ կատարել նոյնը:
9 Հոկտեմբերին՝ Թրամփի հետ Էրտողանի հեռաձայնային զրոյցէն երեք օր ետք, թրքական ուժերը ներխուժեցին Սուրիա: Նոյն օրը Թրամփ Էրտողանին յղեց մանկամիտ նամակ մը՝ սպառնալով «կործանել Թուրքիոյ տնտեսութիւնը, եւ ես այդ կ՛ընեմ»: Թրամփ նաեւ նախազգուշացուց Էրտողանը, որ «եթէ լաւ բաներ տեղի չունենան, պատմութիւնը ձեզ յաւերժ պիտի յիշէ իբրեւ սատանայ»: Թրամփ աւարտեց իր նամակը Էրտողանին՝ ըսելով. «Դուք ձեզ ուժեղ տղայ մի՛ երեւակայեցէք, յիմար մի՛ ըլլաք: …Աւելի ուշ կը հեռաձայնեմ ձեզի»: Այս նախագահական բացառիկ անմիտ նամակ էր՝ դիւանագիտական նամակագրութեան տարեգրութեան մէջ: Էրտողանի գրասենեակը յայտարարեց, որ թուրք նախագահը Թրամփի նամակը անմիջապէս նետած է աղբի կողովը՝ իր արժանի տեղը…
Նոյն ժամանակ, իբրեւ պատասխան ամբողջ աշխարհի տարածքին գրեթէ բոլորին կողմէ արձանագրուած խիստ քննադատութիւններուն, բացառութեամբ Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ, Թրամփ սկսաւ արտաբերելու իր սովորական անհեթեթութիւնները: Նախ, ան քիւրտերը անուանեց Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցներ: Այնուհետեւ փոխեց իր կարծիքը եւ զանոնք կոչեց «համայնավարներ», «ահաբեկիչներ» եւ «ոչ-հրեշտակներ»: Թրամփ այնքան հեռու գնաց, որ մեղադրեց քիւրտերը՝ Համաշխարհային երկրորդ պատերազմին ընթացքին Նորմանտիի մէջ (Ֆրանսա), Միացեալ Նահանգներու բանակին չաջակցելու յանցանքով՝ մոռնալով, որ քիւրտերը ո՛չ երկիր ունէին, ո՛չ բանակ… Ըստ «Ուաշինկթըն Փոսթ»ի՝ նախագահ Թրամփ իր պաշտօնավարման 1000 օրերուն ընթացքին թոյլ տուած է 13 հազար 435 կեղծ եւ ապակողմնորոշիչ յայտարարութիւններու. միջին հաշիւով, անոնք կը կազմեն օրական 13 սուտեր. աննախադէպ մրցանիշ մը՝ ոեւէ անհատի, առաւել եւս Միացեալ Նահանգներու նախագահի մը համար։
Իր յայտարարութիւններուն մէջ քիւրտերը վարկաբեկելէ ետք, Թրամփ իր փոխնախագահ Մայք Փենսը եւ արտաքին գործոց Մայք Փոմփէօն ուղարկեց Անգարա՝ ենթադրաբար զսպելու համար Էրտողանի դաժան վերաբերումը Հիւսիսային Սուրիոյ քիւրտերուն նկատմամբ:
Քանի մը ժամ տեւած բանակցութիւններէ ետք երկու կողմերը հակասական յայտարարութիւններ ըրին իրենց համաձայնութեան մասին: Ամերիկեան կողմը համաձայնագիրը անուանեց «հրադադար», իսկ թրքական կողմը զայն կոչեց «հնգօրեայ դադար»: Այսուամենայնիւ, Թրամփ արագօրէն յայտարարեց, որ մեծ յաղթանակ տարած է՝ այնպէս, ինչպէս կ՛ընէ բոլոր առիթներով: Յամենայնդէպս, յաղթանակ էր թուրքերուն համար, որոնք ձեռք բերին այս բոլորը՝ այն, ինչը կ՛ուզէին Միացեալ Նահանգներէն. կանաչ լոյս՝ շարունակելու իրենց ներխուժումը Հիւսիսային Սուրիա, զանգուածային տեղահանութիւններ եւ քիւրտերու դաժան սպաննութիւններ:
Խիստ մտահոգիչ է թրքական յարձակման ընթացքին ՏԱԷՇի հարիւրաւոր ահաբեկիչներու բանտերէ փախուստը:
Հրադադարը նոյնիսկ 24 ժամ չտեւեց… Թրքական ուժերը եւ անոնց «ճիհատ»ական գործընկերները զայն խախտեցին առաջին իսկ օրը: Միայն յիմար մը կը վստահէր Էրտողանի խոստումներուն կամ համաձայնութիւններուն: Զարմանալիօրէն, Թրամփ համաձայնեցաւ ջնջել Թուրքիոյ դէմ Միացեալ Նահանգներու պատժամիջոցները, նոյնիսկ նախքան զանոնք կեանքի կոչելը:
Ամերիկեան պատժամիջոցներուն ջնջումը հաստատուեցաւ ՄԱԿի մօտ Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու պատուիրակներուն ստորագրած ծաւալուն նամակով՝ «Թուրք-ամերիկեան համատեղ յայտարարութիւն հիւսիս-արեւելեան Սուրիոյ վերաբերեալ», որ 17 Հոկտեմբերին ներկայացուեցաւ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին եւ ՄԱԿի Գլխաւոր քարտուղարին:
Նշեալ նամակին մէջ Միացեալ Նահանգները անամօթաբար անձնատուր եղաւ Թուրքիոյ պահանջներուն։ Նամակին մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը.
– «…Միացեալ Նահանգները կը հասկնայ Թուրքիոյ վաւերական ապահովութեան մտահոգութիւնները Թուրքիոյ հարաւային սահմանին ուղղութեամբ:
– «Թրքական կողմը յայտնեց իր պատրաստակամութիւնը՝ ապահովելու անվտանգութիւնը եւ բարեկեցութիւնը բոլոր բնակավայրերու բնակիչներուն, որոնք կը գտնուին թրքական ուժերուն կողմէ վերահսկուող ապահովութեան գօտիին մէջ եւ վերահաստատեց, որ պիտի դիմուի նախազգուշական առաւելագոյն միջոցներու, որպէսզի վնաս չհասցնեն բնակչութեան եւ ենթակառոյցներուն:
«- Երկու կողմերը համաձայնեցան ապահով գօտիի շարունակական կարեւորութեան եւ գործնականութեան շուրջ՝ Թուրքիոյ ազգային ապահովութեան հիմնահարցերու լուծման համար ներառել քրտական «Ժողովրդական ինքնապաշտպանութեան ջոկատներ»ու (YPG) ծանր զէնքերու հաւաքումը եւ անոնց ամրութիւններուն եւ բոլոր այլ մարտական դիրքերուն ոչնչացումը:
– «Թրքական կողմը կը դադրեցնէ «Խաղաղութեան աղբիւր» գործողութիւնը՝ թոյլ տալով YPG-ին, որ 120 ժամուան ընթացքին հեռանայ ապահովութեան գօտիէն: Անոնց հեռանալէն ետք «Խաղաղութեան աղբիւր» գործողութիւնը պիտի դադրեցուի:
– «Խաղաղութեան աղբիւր» գործողութեան դադրելէն ետք, Միացեալ Նահանգները կը համաձայնի հետամուտ չըլլալ պատժամիջոցներու հետագայ կիրարկման՝ նախագահի 14 Հոկտեմբեր 2019ի՝ «Սուրիոյ մէջ իրավիճակի զարգացման նպաստող որոշ անձերու ունեցուածքի արգելափակման եւ մուտքի դադրեցման» հրամանին համաձայն եւ անհրաժեշտութեան պարագային՝ կ՛աշխատի եւ կը խորհրդակցի Քոնկրեսին հետ՝ ընդգծելու համար Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան հասնելու ուղղութեամբ ձեռնարկուելիք յառաջընթացը՝ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի 2254 բանաձեւին հիման վրայ: Ըստ 11րդ կէտին՝ «Խաղաղութեան աղբիւր» գործողութեան դադրելէն ետք, վերոնշեալ հրամանով սահմանուած պատժամիջոցները կը ջնջուին»:
Հետաքրքրական է, որ թուրք-ամերիկեան համաձայնագիրին գրութեան մէջ երբեք չի յիշատակուիր քիւրտերուն անունը, մինչդեռ ամբողջ թրքական ներխուժումը կ՛իրականացուէր Սուրիոյ հիւսիսէն քիւրտերը ջնջելու նպատակով:
Միացեալ Նահանգներու զինուած ուժերը տեղակայուած էին Սուրիոյ մէջ՝ միջազգային օրէնսդրութիւնը խախտելով եւ Սուրիոյ կառավարութեան փափաքին հակառակ: Նոյնը կը վերաբերի նաեւ թրքական ուժերուն: Միացեալ Նահանգներու ուժերուն հեռանալը սխալ չէ. սխալ էր անոնց այնտեղ գտնուիլը: Եւ Թրամփի պնդումը, թէ կ՛ուզէ Միացեալ Նահանգներու ուժերը դուրս բերել Միջին Արեւելքէն՝ աղաղակող սուտ է, որովհետեւ նոյն օրը, երբ ան որոշեց ամերիկեան զօրքերը դուրս բերել Սուրիայէն, յայտարարուեցաւ, որ այդ զինուորներուն մեծ մասը կը տեղափոխուի Իրաք, եւ թէ ան 3000 ամերիկեան թարմ ուժեր պիտի ուղարկէ Սէուտական Արաբիա: Ասիկա եւս Թրամփի սովորական դարձած սուտերէն մէկն է, որ պէտք է աւելցուի անոր առաւել քան 13 հազար սուտերուն շարքին։
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ