ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Անցեալին, Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը բազաթիւ անգամներ ընդունած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը: 1951ին, Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան կողմէ Համաշխարհային դատարան ներկայացուած պաշտօնական փաստաթուղթին մէջ, Հայոց Ցեղասպանութիւնը առաջին անգամն ըլլալով ընդունուած է իբրեւ ցեղասպանութեան օրինակ: Ներկայացուցիչներու տունը Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող երկու բանաձեւեր ընդունած է 1975ին եւ 1984ին:
Աւելին, նախագահ Ռանըլտ Ռեկըն նախագահական հռչակագիր հրապարակած է 22 Ապրիլ 1981ին՝ վկայակոչելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Այսուամենայնիւ, Միացեալ Նահանգներու վերջին վարչակազմերը բազմաթիւ փորձեր կատարած են արգելափակելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը Քոնկրեսին կողմէ, իսկ ամերիկացի իրերայաջորդ նախագահներ խուսափած են օգտագործելէ «ցեղասպանութիւն» եզրոյթը՝ իրենց Ապրիլ 24ը ոգեկոչող յայտարարութիւններուն մէջ:
Օրինակ՝ Ռեկընի վարչակազմը, նախագահ Ռեկընի կողմէ 1981ի նախագահական հռչակագիրին հրապարակումէն ետք, դէմ արտայայտուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ընդունող Քոնկրեսի բանաձեւներուն:
Հայր ՃորՃ Պուշի վարչակազմը դէմ արտայայտուեցաւ Ծերակոյտի մեծամասնութեան առաջնորդ Պապ Տոլի՝ 1990ին Ծերակոյտին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ բանաձեւի ընդունման ի նպաստ ջանքերուն:
Քլինթընի վարչակազմը 2000ին արգելափակեց Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւի ընդունումը՝ Ներկայացուցիչներու տան կողմէ նոյն բանաձեւին վերաբերեալ քուէարկութենէն վայրկեաններ առաջ:
Որդի ՃորՃ Պուշի վարչակազմը 2007ին դէմ արտայայտուեցաւ Ներկայացուցիչներու տան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւին ընդունման:
2010ին, Օպամայի վարչակազմը դէմ արտայայտուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւին՝ թոյլ չտալով, որ անիկա հասնի տան լիագումար ժողովի քուէարկութեան:
Արտաքին գործոց նախարարութեան գաղտնազերծուած «Գաղտնի» փաստաթուղթը՝ 2 Հոկտեմբեր, 2000 թուակիր, կը բացայայտէ, որ 2000ին Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը արգելափակած է Ներկայացուցիչներու տան թիւ 596 բանաձեւի ընդունումը, երբ երկրին նախագահը Պիլ Քլինթընն էր, իսկ արտաքին գործոց նախարարը՝ Մատլէն Օլպրայթը:
3 Հոկտեմբեր 2000ին, թիւ 596 բանաձեւը հաստատուած էր Ներկայացուցիչներու տան Միջազգային յարաբերութիւններու յանձնախումբին կողմէ 24 կողմ, 11 դէմ եւ 2 ձեռնպահ յարաբերակցութեամբ:
«Գաղտնի» փաստաթուղթը կը պարունակէ երկու նամակ՝ առաջինը արտաքին գործոց նախարար Օլպրայթի կողմէ ուղղուած Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեանին եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Իսմայիլ Իփեքճիին, երկրորդը՝ արտաքին գործոց նախարարի քաղաքական հարցերու տեղակալ Թամ Փիքերինկի կողմէ Միացեալ Նահանգներու Խաղաղութեան հիմնարկի նախագահ Տիք Սոլոմոնին: Ներածական գրառման մէջ, նախկին Խորհրդային Միութեան նորանկախ պետութիւններու գծով արտաքին գործոց նախարարի յատուկ խորհրդական Սթիւըն Սեսթանովիչ Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մայքլ Լեմընին կ՛ըսէ. «Փիքերինկ եւ Սոլոմոն ակնյայտօրէն մէկ մասն են այն գործարքին, զոր մենք կը փորձենք իրականացնել՝ կանխելու համար Ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւին ընդունումը: Ես այսօր այդ նամակները քննարկեցի ՎՕի (արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան) եւ Վան Գրիգորեանի (Ամերիկայի Հայկական համագումարի համանախագահ) հետ: ՎՕն դրականօրէն տրամադրուած էր, սակայն ըսաւ, որ չի կրնար խօսիլ ՌՔի (նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան) փոխարէն, որ հիւանդութեան պատճառով արդէն տուն գացած էր: ՎՕն վաղը պիտի խօսի անոր հետ եւ պիտի ստանայ անոր պատասխանը…»:
Արտաքին գործոց նախարար Օլպրայթ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն ուղղած իր նամակին մէջ կ՛ըսէ. «Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը կտրականապէս դէմ է այս բանաձեւին՝ համարելով, որ անիկա կ՛առաջարկէ բոլորովին հակաարդիւնաւէտ մօտեցում Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու բարելաւման եւ թուրք ու հայ ժողովուրդներուն միջեւ հաշտեցումը խթանելու նպատակին: Ես յոյսով եմ, որ մէկ կողմ կը դնենք այս բանաձեւը, որովհետեւ մենք աւելի խոստմնալից հնարաւոր մօտեցման ջատագով ենք… Օրին կը գրեմ որոշ գաղափարներու մասին, թէ ինչպէ՛ս կարելի է այս ջանքերը յաջողութեամբ պսակել»:
Երկրորդ նամակին մէջ, Փիքերինկ Քոնկրեսին կողմէ հիմնադրուած անկախ կառոյցին՝ Միացեալ Նահանգներու Խաղաղութեան հիմնարկի նախագահ Սոլոմոնիմ գրած է հետեւեալը. «…Վերջերս Քոնկրեսը կը քննարկէր Ներկայացուցիչներու տան «Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի» թիւ 596 բանաձեւը: Ինչպէս գիտէք, վարչակազմը դէմ է այս բանաձեւին, բայց մենք հաստատօրէն համոզուած ենք, որ այս հարցով Ճշմարտութեան եւ հաշտեցման գործընթաց անհրաժեշտ է… Արտաքին գործոց նախարարը խնդրած է ինձմէ գրել ձեզի, որպէսզի Խաղաղութեան հիմնարկը սկսի գաղափարներ մշակել Ճշմարտութեան եւ հաշտեցման նման գործընթացի մը համար՝ նպատակ ունենալով յառաջիկային սկսիլ զայն…: Իբրեւ առաջին քայլ, յոյսով ենք, որ դուք կը քննարկէք խումբ մը վստահելի եւ հանրածանօթ թուրքերու, հայերու եւ այլոց հրաւէրին հարցը: Անոնց շարքին պէտք է ըլլան հասարակական խումբերու ներկայացուցիչներ, մտաւորականներ, արխիւագէտներ, կառավարութեան կամ նախկին կառավարութեան պաշտօնատարներ եւ ուրիշներ: Յոյսով ենք, որ նախնական հանդիպումը տեղի կ՛ունենայ Դեկտեմբերի սկիզբը, Ուաշինկթընի մէջ: Նախնական ծրագրաւորման այս խումբը կը վերլուծէ պատմական եւ քաղաքական համագրութիւնները եւ փոխադարձ համաձայնութեան կու գայ հետագայ գործունէութեան շրջանակի մը եւ ժամանակացոյցի մը շուրջ, ներառեալ՝ զեկոյցին նախապատրաստութեան համար յանձնախումբի մը կազմութեան հարցով»:
Արտաքին գործոց նախարարին առաջարկած նախաձեռնութիւնը վերջապէս կեանքի կոչուեցաւ Յուլիս 2001ին, երբ կազմուեցաւ Հայ-թրքական հաշտեցման յանձնախումբը՝ վեց թուրքերու եւ չորս հայերու մասնակցութեամբ, որոնց շարքին էին Վան Գրիգորեան՝ Ամերիկայի Հայկական համագումարէն, Անդրանիկ Միհրանեան՝ Մոսկուայէն եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան երկու պաշտօնատարներ:
Յանձնախումբի ձեւաւորման յաջորդած ամիսներուն ես քանի մը խմբագրական գրեցի անոր դէմ, քանի որ պարզ էր, որ յանձնախումբը արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ խորամանկ քայլ մըն էր՝ արգելափակելու Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար առաջարկուած քոնկրեսական բանաձեւը: Նոյնիսկ առանց այս յօդուածին մէջ բացայայտուած «Գաղտնի» փաստաթուղթի իմացութեան, դիտորդներէն շատեր կասկածներ ունէին, որ յանձնախումբը ստեղծուած եւ նիւթապէս հովանաւորուած էր արտաքին գործոց նախարարին կողմէ՝ Թուրքիոյ կառավարութեան հետ համատեղ, որպէսզի խոչընդոտէ Հայ Դատի հետապնդումը:
Դժբախտաբար, հայկական որոշ խումբեր եւ հայ անհատներ խաբուեցան թուրք-ամերիկեան այս խորամանկ քայլէն, որուն միամտօրէն կ՛աջակցէր նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Բազմաթիւ սփիւռքահայերու կողմէ զգալի ջանքեր պահանջուեցան համոզելու համար Հայաստանի կառավարութիւնը, որ հրաժարի յանձնախումբին աջակցելէ:
Հայերը պէտք է զգօն ըլլան, որպէսզի չիյնան թակարդը անոնց, որոնք իրենց սեփական շահերը կը հետապնդեն հայ ժողովուրդի հաշուոյն։
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ