ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
29 Հոկտեմբեր 2019ին, ամերիկահայերը նշանակալից յաղթանակ արձանագրեցին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի սրահներուն մէջ: 35 տարուան ընթացքին առաջին անգամն ըլլալով Ամերիկայի Ներկայացուցիչներու տունը ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութեան փաստերը հաստատող թիւ 296 բանաձեւը:
Ես օգտագործեցի հաստատող եզրը, որովհետեւ ի տարբերութիւն բազմաթիւ հայ եւ ոչ-հայ մեկնաբաններու, առաջին անգամը չէր, որ Միացեալ Նահանգները կը ճանչնար Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Իրականութեան մէջ, ասիկա ամերիկեան կառավարութեան կողմէ հինգերորդ ճանաչումն էր: Ինչպէս անցեալ տարիներուն բազմաթիւ անգամներ ըսած եմ, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը առաջին անգամ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած է 1951ին, երբ պաշտօնական փաստաթուղթ ուղարկած էր Արդարադատութեան միջազգային դատարանին (Համաշխարհային դատարան)՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ներկայացնելով՝ իբրեւ ցեղասպանութեան օրինակ: Ամերիկայի Ներկայացուցիչներու տունը Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած է 1975ին եւ 1984ին ընդունուած երկու բանաձեւերով, իսկ նախագահ Ռանըլտ Ռեկըն նախագահական հռչակագիր հրապարակած է 22 Ապրիլ 1981ին՝ վկայակոչելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Տարբեր մեկնաբաններու կողմէ կատարուած սխալ մեկնաբանութիւններու շարքին էին այնպիսի յայտարարութիւններ, ինչպէս՝
- «29 Հոկտեմբեր 2019ին Ներկայացուցիչներու տան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը առաջին անգամն էր հարիւր տարուան մէջ, երբ Միացեալ Նահանգները ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը»: Այդպէս չէ եղած։ Իրականութեան մէջ, թիւ 296 բանաձեւին գրութիւնը ինքնին կը թուարկէ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին՝ Միացեալ Նահանգներուն կողմէ բոլոր նախորդ ճանաչումները եւ զայն կը նկարագրէ իբրեւ հաստատում, այլ ոչ թէ ճանաչում:
- «Թիւ 296 բանաձեւը կը սահմանէ Ամերիկայի կառավարութեան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման քաղաքականութիւնը»: Այսպիսի բան չէ եղած: Այս բանաձեւը, զինք նախորդածներուն նման ոչ պարտադիր բանաձեւ է, որ պարզապէս կ՛արտայայտէ Քոնկրեսին կամքը: Ասիկա օրէնք չէ եւ իրաւական հետեւանքներ չունի:
- «Թիւ 296 բանաձեւը կը պարտաւորեցնէ Թրամփը՝ օգտագործելու «ցեղասպանութիւն» եզրոյթը իր յաջորդ Ապրիլ 24ի ուղերձին մէջ»: Նախագահը, փափաքելու պարագային, կրնայ օգտագործել այլ մեղմասացութիւններ Հայոց Ցեղասպանութիւնը նկարագրելու համար, ինչպէս ինք եւ Միացեալ Նահանգներու այլ նախագահներ ըրած են, նախագահ Ռեկընէն ետք:
- «Թիւ 296 բանաձեւը թոյլ կու տայ հայերուն դատական հայցեր ներկայացնելու Միացեալ Նահանգներու դատարաններուն մէջ Թուրքիոյ դէմ՝ պահանջելով վերականգնել Ցեղասպանութեան ընթացքին հայութեան կրած վնասները»: Ասիկա ճիշդ չէ: Ինչպէս վերը նշուեցաւ, Քոնկրեսի երկու նման բանաձեւեր ընդունուած են 1975ին եւ 1984ին. անոնք չեն օգներ հայերուն՝ ամերիկեան դատարաններու մէջ որեւէ դատական գործ շահելու Թուրքիոյ դէմ:
- «Թիւ 296 բանաձեւի ընդունումէն ետք, եթէ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը ընդունի իր համապատասխան բանաձեւը (Ծերակոյտի թիւ 150 բանաձեւը), եւ նախագահ Թրամփ ստորագրէ զայն, այն ատեն այդ բանաձեւը կը ստանայ օրէնքի ուժ»: Ասիկա ճիշդ չէ, որովհետեւ, Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտի տարբերակները «առանձին» բանաձեւեր են: Եթէ Ծերակոյտի տարբերակը նոյնպէս ընդունուի, բանաձեւը չի փոխանցուիր նախագահին՝ ստորագրելու համար, որովհետեւ Քոնկրեսին եւ Ծերակոյտին տարբերակաները չեն ներկայացուած իբրեւ «Միացեալ Բանաձեւ»:
Այսուամենայնիւ, վերոնշեալ պարզաբանումներէն ոչ մէկը 29 Հոկտեմբեր 2019ին ընդունուած թիւ 296 բանաձեւը արժեզրկելու համար եղած է: Հետեւեալներն են պատճառները, թէ ինչո՛ւ այս բանաձեւը նշանակալից յաղթանակ է Հայ Դատին համար.
- 35 տարիներ շարունակ Ներկայացուցիչներու տան մէջ Ցեղասպանութեան բանաձեւի ընդունման փորձ կատարելէ ետք, ամերիկահայ համայնքին համար ասիկա նշանակալից յաջողութիւն մըն է՝ վերջապէս այսպիսի յաղթանակ մը տանիլ կարենալուն շրջագիծին մէջ: Կարելի չէ շարունակ պահանջել, որ հայ հանրութիւնը տասնամեակներ շարունակ աջակցի գործի մը՝ առանց երբեմն որոշ արդիւնքի հասնելու: Այս յաղթանակը կ՛աշխուժացնէ ամերիկահայերը՝ շարունակելու համար իրենց նուիրուածութիւնը Հայ Դատին եւ աւելի շատ աշխատելու՝ աւելի մեծ նուաճումներու հասնելու համար:
- Թէեւ 296 բանաձեւին ընդունումը չի պարտադրեր Միացեալ Նահանգներու նախագահին, սակայն կը մեծցնէ ճնշումը անոր վրայ, որպէսզի պատշաճ ձեւով ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ապրիլ 24ի իր յայտարարութեան մէջ:
- Թիւ 296 բանաձեւը նաեւ կը դժուարացնէ Թուրքիոյ կառավարութեան վիճակը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը շարունակելու առումով:
- Տարօրինակ կերպով, թիւ 296 բանաձեւին ընդունման առիթով Թուրքիոյ ղեկավարներուն կոշտ արձագանգները նպաստեցին թուրք ժողովուրդին եւ ամբողջ աշխարհին՝ որպէսզի յիշեն Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
- Թիւ 296 բանաձեւին ընդունման վերաբերեալ հազարաւոր յօդուածներ, պատկերսփիւռի հաղորդումներ եւ ընկերային ցանցերու վրայ գրառումները օգնեցին, որ աւելի լայն տարածում գտնէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ամբողջ աշխարհի մէջ: Ցեղասպանութենէն առաւել քան 100 տարիներ ետք, արդարութեան համար ճիչը տակաւին կը բարձրանայ հայերուն եւ անոնց աջակիցներուն աշխուժութեան շնորհիւ:
- Թիւ 296 բանաձեւին ընդունումով քայլ մը եւս կ՛առնուի՝ Թուրքիոյ եւ համաշխարհային հանրութեան վրայ հայերուն կողմէ ճնշում գործադրելու պայքարին մէջ, նաեւ՝ հետագայ քայլեր ձեռնարկելու, որպէսզի Ցեղասպանութեան իբրեւ հետեւանք պատճառուած վնասը հատուցուի՝ հակառակ առաւել քան դար մը ուշացումին։
- Բացի պատմական իրադարձութեան տարեգրութեան ուղղումէն, Ցեղասպանութեան բանաձեւին ընդունման գիծով ջանքերը քաղաքական պայքար են ամերիկահայ համայնքին եւ Թուրքիոյ կառավարութեան եւ անոր վճարովի լոպիիստներուն միջեւ, թէ ո՛ր կողմը քաղաքական աւելի մեծ ազդեցութիւն ունի Ուաշինկթընի մէջ: Ճնշող մեծամասնութեան յաղթանակը՝ 405 կողմ 11 դէմ, Թուրքիոյ ջախջախիչ պարտութեան եւ հայերու ամբողջական յաղթանակի ակնյայտ ցուցանիշ մըն է:
- Տարիներ շարունակ Թուրքիոյ կառավարութիւնը տասնեակ միլիոն տոլարներ վատնած է՝ վարձելով ամերիկեան բարձրակարգ լոպիիստական ընկերութիւններ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւներու հաստատումը խափանելու ձախող փորձերու համար: Անկարելի է խեղաթիւրել ցեղասպանութիւնը՝ իբրեւ մարդկային արարք, հակառակ Թուրքիոյ՝ լոպիիստներու վրայ ծախսած միլիառ տոլարներուն։
- Թուրքիոյ պարտութիւնը նաեւ թրքական հասարակութեան յղուած պատգամ մըն է, որ իր վճարած տուրքերը իր կառավարութիւնը կը մսխէ անհերքելին ժխտելու համար:
- Ոմանք թիւ 296 բանաձեւին ընդունումը կը պատճառաբանեն այն բանով, որ Քոնկրեսը օգտուեցաւ Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ լարուած յարաբերութիւններէն: Ասիկա ճիշդ է, բայց կան նաեւ քանի մը հակափաստեր.
ա) Քոնկրեսը քաղաքական մարմին է. հետեւաբար, անոր բոլոր քննարկումները եւ որոշումները քաղաքական բնոյթ կը կրեն.
բ) Եթէ չըլլային ամերիկահայ կազմակերպութիւններու եւ ամերիկահայ համայնքին եռանդուն ջանքերը, երաշխիք չկար, որ այդ բանաձեւը յայտնուէր Ներկայացուցիչներու տան օրակարգին վրայ: Որովհետեւ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը դժգոհ էր Թուրքիոյ՝ Հիւսիսային Սուրիա ներխուժումէն, Ներկայացուցիչներու տունը պիտի գոհանար 29 Հոկտեմբեր 2019ին Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ կիրառող բանաձեւ ընդունելով՝ քիւրտերուն դէմ գործադրուած թրքական բարբարոսական յարձակումներուն համար: Սակայն հայկական կողմին աշխուժութեան պատճառով Ներկայացուցիչներու տունը նոյն օրը ընդունեց նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւը:
գ) Մենք չենք կրնար այնքան միամիտ ըլլալ ակնկալելու համար, որ որեւէ կառավարութիւն պաշտպանէ Հայ Դատը, եթէ այդ մէկը պիտի հակասէ իր շահերուն:
Բոլորովին տրամաբանական է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան դատապարտումը կը համընկնէր Թուրքիոյ նկատմամբ այլ պատճառներով Քոնկրեսի զայրոյթին հետ: Փաստօրէն, հայերը իրենց շահերը այլ երկիրներու շահերուն հետ համապատասխանեցնելու որքան շատ պատճառներ գտնեն, այնքան աւելի յաջող կ՛ըլլան Հայ Դատի հետապնդման գործին մէջ:
Իբրեւ յաջորդ քայլ, յոյս ունիմ, որ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը կ՛ընդունի Ծերակոյտի թիւ 150 բանաձեւը: Ասիկա կարեւոր է, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը երբեք չէ ընդունած Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ մը: Եւ թերեւս յաջորդ տարի Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւը կրնայ վերանայուիլ, բայց այս անգամ իբրեւ «Միացեալ Բանաձեւ»: Այս կը նշանակէ, թէ Քոնկրեսի տուները եթէ բանաձեւը ընդունին եւ երկրին նախագահը զայն ստորագրէ, Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւը կը դառնայ Միացեալ Նահանգներու օրէնք, այլ ոչ թէ պարզապէս «ոչ-պարտադիր» բանաձեւ: Այս մէկը Ամերիկայի բոլոր ապագայ նախագահները կը պարտաւորեցնէ օգտագործել «Հայոց Ցեղասպանութիւն» եզրը իրենց Ապրիլ 24ի ուղերձներուն մէջ կամ որեւէ այլ առիթով:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ