ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Բ.
Ներուղեղային արիւնահոսութիւն կը պատահի ուղեղի տարբեր բաժիններուն մէջ, որոնցմէ յատկանշական են.
- Ենթաուղեղապատի արիւնահոսութիւն (subarachnoid hemorrhage), որ հետեւանքն է ընդհանրապէս յոռի կազմուածքով զարկերակի մը բացուելուն: Այս կը պատահի ուղեղային արտաքին անմիջական հարուածով:
Ենթաուղեղապատի արիւնահոսութեան ախտանշաններն են՝ անակնկալ շատ զօրաւոր գլխացաւ, նողկանք եւ փսխունք, լոյսի անհանդուժողականութիւն, վիզի անշարժութիւն, գիտակցութեան կորուստ: Ենթաուղեղապատի արիւնահոսութեամբ կրնան յառաջանալ երկու բարդութիւններ՝ ուղեղապատեանի բորբոքում (meningitis) եւ ներուղեղային ճնշումի բարձրացում:
- Ուղեղաբունի (brain stem) հարուածային արիւնահոսութիւն, որուն ախտանշաններն են՝ աչքի վերնակոպի (upper lid) կախուածութիւն-իջուածք (ptosis), աչքի մկաններու տկարութիւն, աչքի բիբի հակադարձութեան (pupillary reflex) տկարացում, կլլելու եւ կոկորդի զգացողութեան նուազում, դէմքի մկաններու անշարժութիւն եւ անոնց զգացողականութեան նուազում, ակնաշարժ (nystagmus) եւ անհաւասարակշռութիւն, շնչառութեան եւ սիրտի զարկի խանգարում, լեզուի անշարժութիւն, ինչպէս նաեւ հոտառութեան, համի, լսողութեան եւ տեսողութեան խանգարումներ:
- Ուղեղակեղեւի (cerebral cortex) հարուածային արիւնահոսութիւն, որուն ախտանշաններն են՝ անխօսութիւն (aphasia), խանգարուած խօսակցութիւն (dysarthria), կամաւոր շարժումներու տկարացում (apraxia), մտածելու եւ յիշելու դժուարութիւն, շփոթ եւ շուարած վիճակ:
- Ուղեղիկի (cerebellum) հարուածային արիւնահոսութիւն, որուն ախտանշաններն են՝ քալելու դժուարութիւն, համադրուած (coordinated) շարժումներու խանգարում, գլխապտոյտ եւ անհաւասարակշռութիւն:
Բ. Արտա-ուղեղային պատճառներ
ա. Ուղեղը մատակարարող քունքի եւ ողնայարային զարկերակներու մասնակի կամ ամբողջական խցում եւ արիւնահոսութիւն.
բ. Մարմնական ընդհանուր ենթա-արիւնահոսք (hypoperfusion ), որ կը պատահի սիրտի տկար աշխատանքով, սիրտի բաբախումի դադրումով-սրտականգով (cardiac arrest), սիրտի անկանոն եւ արագ զարկով եւ մարմնական մեծածաւալ արիւնահոսութեամբ: Այս բոլորը կը յառաջացնեն ուղեղի արեան ենթաթթուածնութիւն (hypoxemia):
Ուղեղային կաթուածի ախտաճանաչումը կը բացայայտուի բժշկական ընդհանուր քննութեամբ, հիւանդի ախտանշաններով, ուղեղի համակարգչային շերտագրական (CT Scan), մագնիսարձագանգային (MRI) եւ գերձայնային (ultrasound) նկարահանումներով, ինչպէս նաեւ զարկերակներու գունաւոր նկարահանումով (angiography): Ներուղեղային արիւնահոսութեան փաստարկումին համար կարեւոր է ուղեղա-ողնաջուրի (CSF) յատուկ քննութիւնը, երբ կը բացայայտուի արեան կարմիր գնդիկներու գոյութիւնը:
Հետեւեալ գործօնները հաւանական վտանգներու ազդակներ (risk factors) նկատուած են ուղեղային կաթուածի յառաջացման՝ արեան գերճնշում, սիրտի նախախորշի դող, արեան բարձր մաղձաճարպ (cholesterol), շաքարախտ, ծխախոտի եւ ալքոլի չափազանց գործածութիւն, նստակեաց կեանք եւ գիրութիւն, ոչ-առողջապահական եւ յոռի սննդականոն, արեան նոսրացուցիչ դեղեր եւ ծերութիւն:
Այն անձերը, որոնք վերոյիշեալ վտանգներուն ենթարկուելու հաւանականութիւնը ունին՝ շատ աւելի հակամէտ են ուղեղային կաթուած ունենալու: Ծերութենէն անկախ, վերոյիշեալ բոլոր ազդակները կանխելով՝ կրնանք կանխարգիլել ուղեղային կաթուածը:
Ուղեղային կաթուածի դարմանամիջոցները հանգրուանային եւ բազմատեսակ են՝
- Անմիջական եւ շտապ հիւանդանոցային դարմանում եւ խնամք, այսինքն՝ շնչառական օժանդակութիւն եւ թթուածին, ներերակային հեղուկներ եւ սննդանիւթեր, ներուղեղային ջրակուտակումը նուազեցնող դեղեր. լուծիչ դեղեր՝ արիւնախիցքի պարագային, արեան ճնշումը նուազեցնող դեղեր՝ արեան գերճնշումի պարագային, ինսուլին (Insuline)՝ շաքարախտի պարագային, վիրաբուժական միջոցառումներ ներուղեղային արիւնահոսութեան եւ քունքի զարկերակի խցումի պարագային:
Լուծիչ դեղերը կրնան յառաջացնել արիւնահոսութիւն, հետեւաբար անոնք շատ զգուշութեամբ պէտք է գործածուին:
- Մնայուն եւ երկարատեւ դարմանումի միջոցներ եւ խնամք, որոնց նպատակն է՝ վերադարձնել ախտահարուած հիւանդ անհատը առողջական առաւելագոյն չափով բնական վիճակի: Այս դարմանումին միջոցները եւ խնամքներն են՝ մկանային մարձում եւ մարզանք, խօսելու եւ կլլելու բուժում (speech and swallowing therapy), կղկղանցումի (defecation) եւ միզարձակումի (urination) մարզում եւ հսկողութիւն:
Ուղեղային կաթուածէ ախտահարուած անհատը կրնայ ունենալ կարգ մը բարդութիւններ, օրինակ՝ ուղեղապատի բորբոքում, ձեռքերու ու ոտքերու մնայուն անդամալուծութիւն, մկանային մնայուն պրկումներ, յիշողութեան կորուստ, կեդրոնացումի պակաս, հասկացողութեան դժուարութիւն, կլլելու դժուարութիւն եւ կերակուրի մասնիկներու ներխուժում դէպի թոքերը, որ կը յառաջացնէ թոքերու բորբոքում ու շնչահեղձութիւն ինչպէս նաեւ անկողինի (կռնակի եւ յետոյքի) վէրքեր (bed sores) եւ խոցեր (ulcer):
Հոս կ՛ուզեմ արձանագրել ուղեղային կաթուածի վերաբերեալ այլ տեղեկութիւններ.
- Ուղեղային լռելեան կաթուած (silent stroke) կը կոչուի այն կաթուածը, որ ախտանշաններ չ՛ունենար: Այս պարագային անհատը յետագային կրնայ մեծ կաթուած մը դիմագրաւել.
- Ախտանշաններով բացայայտ ուղեղային կաթուած ունեցող մը ապագային կրնայ դիմագրաւել լռելեան կաթուած.
- «Ուղեղային անցողակի կաթուած» (transitory stroke) կը կոչուի այն կաթուածը, որուն ախտանշանները մէկ ժամ ետք կ՛անհետանան.
- Ուղեղային կաթուածի կարեւոր ախտանշաններն են՝ ժպտելու, խօսելու, բազուկը բարձրացնելու եւ լեզուն դուրս հանելու անկարողութիւն.
- Ուղեղային կաթուածի ախտանշանները կախեալ են ուղեղի վնասուած բաժինէն եւ վնասի տարողութենէն.
- Ուղեղային կաթուածի ախտանշանները կը յայտնուին անակնկալօրէն եւ շատ արագ: Կաթուածը պատահելէն քանի մը ժամ ետք ախտանշաններու զարգացում ընդհանրապէս տեղի չ՛ունենար.
- Շատ մը ուղեղային կաթուածներ կը պատահին առանց գլխացաւի.
- Ուղեղային կաթուած կրնայ յայտնուիլ միակողմանի կամ երկկողմանի անդամալուծութեամբ.
- Արիւնահոսութեան կաթուածի պարագային, գլխացաւը ուժգին է, անիկա կը սաստկանայ պառկած վիճակի մէջ, գլխու շարժումի, հազալու, դէպի առջեւ ծռելու եւ ճնշումային կղկղանցումի պարագաներուն:
- Ուղեղային կաթուածի ջղային թերութիւններն են՝ դէմքի մկաններու տկարութիւն եւ թմրութիւն (numbness), զգացողութեան տկարացում (sensation loss), խօսելու եւ հասկնալու դժուարութիւն, լորձունքոտութիւն, գլխապտոյտ, անհաւասարակշռութիւն, գիտակցութեան կորուստ, տեսողութեան տկարացում, մկանային ենթապրկուածութիւն (hypotonicity ) եւթուլութիւն (flacidity) կաթուածի սկզբնաւորութեան, ինչպէս նաեւ մկանային գերպրկուածութիւն (hypertonicity) ու ջղաձգութիւն (spasticity) կաթուածի զարգացումով:
- Ուղեղային կաթուածը շատ աւելի կը պատահի տղամարդոց մօտ, քան թէ կիներուն:
(Շար. 2 եւ վերջ)