ՄՈՍԿՈՒԱ.- Բրիտանական «Պի.Պի.Սի.» լրատու գործակալութեան ռուսական ծառայութիւնը հրապարակած է ատրպէյճանական բանակին մէջ բռնարարքներու վերաբերեալ ծաւալուն յօդուած մը:
Յօդուածի հեղինակ Մահերամ Զէյնալով զրուցած է խոշտանգուած զինուորներու եւ անոնց հարազատներուն հետ, հաստատելով, որ միայն իր տուեալներով, չարչարանքներու հետեւանքով սպաննուած են 9 զինուորներ եւ վիրաւորուած են տասնեակներով ուրիշներ, մինչ 25 զինուորներ դատապարտուած են դաւաճանութեան յանցանքով։
2017ի Մայիսին, յայտարարած էր, որ հայկական յատուկ ծառայութիւններու համար լրտեսութիւն իրականացնելու մեղադրանքով ձերբակալուած են զինուորներ: Այդ ամբաստանեալներուն կրած չարչարանքները բացայայտուեցան միայն այս տարի։
Զէյնալով խօսած է այս հարցով խոշտանգումներու ենթարկուած եւ սպաննուած ենթասպայ Ռուսլան Օճակուերտիեւի կնոջ՝ Ռաւանայի հետ, որ ըսած է, թէ եթէ իր ամուսինը ընդունէր լրտեսութեան մեղադրանքը, ողջ կրնար մնալ:
Ըստ պաշտօնական եզրակացութեան՝ ենթասպան մահացած է մարզումի ընթացքին տեղի ունեցած սրտի կաթուածի մը հետեւանքով, սակայն Ռաւանայի պնդումով կատարուած քննութենէ մը ի յայտ դարձած է, որ ամուսինը մահացած է կրծքավանդակէն ստացած զօրաւոր հարուածի մը հետեւանքով։
Ռաւանա եւ այլ զինուորներու հարազատներ դատ բացած են Ատրպէյճանի ռազմական դատախազութեան մօտ եւ դատավարութեան ընթացքին, միւս զինուորներու ելոյթներէն բացայայտուած է, թէ ենթասպան ինչպէս մահացած է։
«Անոնք ամուսինիս բերանը շապիկ խցած են, խեղդած, պահանջած են խոստովանիլ, որ ինքը լրտես է եւ անոր ըսած են. «Ընտրանքը քուկդ է. կա՛մ կը մեռնիս, կա՛մ կը խոստովանիս»», կը յիշէ կինը: Ռաւանան նաեւ դատարանին մէջ իմացած է, որ իր ամուսինը կեղծ մատնութեան զոհ գացած է: