ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ինչպէս ծանօթ է, մօտաւորապէս երկու ամիս առաջ, Գոնիայի կարգ մը կանգառներու մէջ զետեղուած էին պաստառներ, որոնց վրայ գրուած էին հակահրէական եւ հակաքրիստոնէական ազդարարութիւններ։ «Ընկերութիւն մի՛ ընէք հրեաներու եւ քրիստոնեաներու հետ։ Անոնք իրարու ընկեր են։ Ո՛վ որ անոնց ընկերանայ, ուրեմն անոնցմէ մէկն է», գրուած էր անոնց վրայ։
Մարդկային իրաւունքներու պաշտպան կազմակերպութեան Ազգային խտրականութեան եւ անջատողականութեան դէմ պայքարի յանձնախումբը դատ բացած էր վերոնշեալ պաստառներուն դէմ, բայց Գոնիայի դատախազութիւնը յանցանք չտեսաւ այդ պաստառներուն պնդումներուն մէջ։
Նշենք, որ խնդրոյ առարկայ պաստառները պատրաստուած էին Անատոլուի երիտասարդական միութեան եւ Ազգային երիտասարդական հիմնարկին կողմէ։