ՊԷՅՐՈՒԹ, «Էյ.Փի.».- Լիբանանի յաջորդ վարչապետի նշանակման վերաբերեալ Հինգշաբթի, 19 Դեկտեմբերին, նախագահական պալատին մէջ տեղի ունեցած երեսփոխանական խորհրդակցութիւններու աւարտին, նախագահ Միշէլ Աուն յայտարարեց, որ վարչապետ նշանակած է կրթութեան նախկին նախարար եւ համալսարանի դասախօս Հասան Տիապը, որ կը վայելէ «Հըզպալլա»ի, «Ամալ»ի եւ Աունի դաշնակից քրիստոնեայ 69 երեսփոխաններու աջակցութիւնը։
Մէկ օր առաջ, հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի յայտարարած էր, թէ չի փափաքիր գլխաւորել նոր կազմուելիք կառավարութիւնը, որովհետեւ միայն մասնագէտներէ բաղկացած կառավարութիւն մը կազմելու առաջարկը կը մերժուի։