
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Պի. Պի.Սի.».- Ինչպէս կ՛ակնկալուէր, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունը Չորեքշաբթի, 18 Դեկտեբերի գիշերը, 230 թեր եւ 197 դէմ քուէներով վաւերացուց երկու յօդուածներ, որոնք նախագահ Տանըլտ Թրամփը պաշտօնապէս կ՛ամբաստանեն երկրին սահմանադրութիւնը խախտելու յանցանքով։
Նախագահին դէմ անվստահութեան քուէի համազօր յօդուածներէն առաջինը նախագահը կ՛ամբաստանէր իր անձնական շահերուն համար, Ուքրանիոյ խոստացուած ռազմական աջակցութիւնը չյանձնելու եւ անոր փոխարէն իր մրցակիցը վարկաբեկող տեղեկութիւններ գտնելու հետաքննութիւն պահանջելու յանցանքով։
Երկրորդ յօդուածը նախագահը կ՛ամբաստանէր նշեալ հարցին հետաքննութեան Քոնկրեսի ջանքերը խափանելու յանցանքով։
Քննարկումը սկսելէ առաջ, Ներկայացուցիչներու տան խօսնակ Նենսի Փելոսի շեշտեց, թէ այսօր տխուր օր մըն է երկրին համար, սակայն ան աւելցուց, թէ նախագահը իր արարքներով այլընտրանք չէր ձգած եւ քոնկրեսականները պարտաւոր էին երկրին սահմանադրութիւնը պաշտպանելու մասին իրենց տուած երդումը յարգելու։

Մինչ դեմոկրատ քոնկրեսականները նշեցին, որ Ամերիկայի մէջ ոչ ոք օրէնքէն վեր է, անոնք աւելցուցին, որ նախագահը ոչ միայն ոտնակոխած է սահմանադրութիւնը, այլ նաեւ վտանգի տակ դրած է երկրին ազգային ապահովութիւնը, իր սեփական շահերը յառաջ մղելու համար։
Իրենց կարգին, հանրապետականները կրկնեցին նախագահին բառերը, թէ տեղի ունեցածը «վհուկներու որս» մըն է եւ ոմանք դեմոկրատներուն քայլը համեմատեցին նոյնիսկ Փըրլ Հարպըրի վրայ յարձակումին եւ Յիսուսի հալածանքին։ Երկիրը աւելի մասնատելու քայլով մը, հանրապետականներէն ոմանք պնդեցին, որ դեմոկրատները ոչ միայն նախագահը կ՛ատեն, այլ անոնք կ՛ատեն Թրամփին ի նպաստ քուարկողները, բնականաբար առանց շօշափելի փաստեր կարենալ ներկայացնելու։
Նման ծայրայեղական պնդումներու հակադարձելով՝ Արդարադատութեան յանձնախումբի ատենապետ Ճերի Նետլըր յայտնեց, որ հանրապետականներէն միայն յարձակումներ լսած է եւ ոչ թէ նախագահը ամբաստանող փաստերը հերքելու փորձեր։ Ան յիշեցուց, որ նախագահը ամբաստանութեան առաջնորդած հետաքննութեան ընթացքին նախագահին դէմ վկայած են շքանշաններու արժանացած զինուորականներ, հեղինակաւոր դիւանագէտներ եւ նոյնիսկ Թրամփի կողմէ նշանակուած պաշտօնատարներ:
Այսպէսով, Թրամփ դարձաւ Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ երրորդ նախագահը, որուն պաշտնազրկման հարցը պիտի քննուի Ծերակոյտին կողմէ, ուր գործընթացին անկողմնակալութիւնը արդէն իսկ հարցականի տակ է, որովհետեւ Ծերակոյտի հանրապետական ղեկավարութիւնը որոշած է ամբաստանեալ նախագահին հետ մօտէն գործակցիլ։
Նշենք, որ Ներկայացուցիչներու տան մէջ տեղի ունեցած նախագահի պաշտօնազրկման շուրջ քննարկումներու սեմին, հարիւրաւոր քաղաքներու մէջ ցոյցեր տեղի ունեցան՝ պահանջելով նախագահին պաշտօնազրկումը։ Ըստ կազմակերպիչներուն՝ Միացեալ Նահանգներու տարածքին տեղի ունեցած ցոյցերուն մասնակցեցան առաւել քան 200,000 քաղաքացիներ, մինչ անոնց դէմ կազմակերպուած ցոյցերը փոքրաթիւ մասնակցութիւն ապահովեցին։