ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին անդրադարձաւ Ծերակոյտին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման:
Էրտողան դարձեալ կրկնեց, որ Թուրքիա պատմաբաններու առջեւ բացած է իր արխիւները եւ ցաւ յայտնեց, որ Հայաստանէն գիտնականներ չեն հետազօտեր զանոնք, բնականաբար «մոռնալով» յիշելու, որ նշեալ արխիւները ինչպիսի «մաքրագործում»ներու ենթարկուած են։
Ան աւելցուց, որ Ցեղասպանութիւնը ուրանալու նպատակով իրականացուելիք քայլերուն համար Անգարա յատուկ խումբ մը կազմած է՝ նշելով, որ կողմնակալութեամբ ծանօթ Թրքական պատմագիտական հիմնարկին աշխատանքները պէտք է աւելիով աշխուժացնել, առաջարկելով հիմնարկին, որ «վաւերագրական» ֆիլմերու վրայ շեշտը դնէ։
Նախ նախագահը ինք անձամբ բանայ իր պետութեան թղթածրարները եւ ինք ուսումնասիրէ թէ ինչ տարողութեամբ իր ցեղը ճանչցուած է որպէս ոճրագորղ եւ ցեղասպան: Վիքթոր Հիւկոյէն սկսեալ մինչեւ այսօր:
Այդ թրքական պատմագրութեան Հիմնարկը ձեզի Հիթթիթներու ժառանգորդ դասած է եւ միեւնոյն ժամանակ Յոյն Ակամեմնոնը իրպէս Աղա Մէմնուն կոչած է: Տակաւին, նախագահը կը մոռնայ թէ ինչպէս ստեց եւ ըսաւ որ Քոլոմպոսէն առաջ Իսլամներ )Թուրքերը գտած են Ամերիկան, աշխարհի ծաղրին ենթարկուելով այդ սուտին համար: