ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ», «Երկիր».- «Ոսկանապատ» վերլուծական կեդրոնին կազմակերպած համաժողովին, որ կը կրէր «Հայաստանը՝ 2020 թուականի նախաշեմին» խորագիրը, ելոյթներով հանդէս եկան նաեւ ՀՅԴ Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան եւ ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեան։
Ընդհանուր առմամբ, «Հայաստանը՝ 2020ի նախաշեմին» համաժողովի մասնակիցները Հայաստանին սպառնացող վտանգներ կը տեսնեն թէ՛ երկրին ներսը եւ թէ դուրսը:
Կիրօ Մանոյեան իր ելոյթին մէջ դիտարկումներ կատարեց արցախեան բանակցութիւններու ներկայ վիճակին գծով: Ան անդրադարձաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ Ազգային ժողովին մէջ կատարած այն յայտարարութեան, թէ՝ «մեր եւ Ադրբեջանի մօտեցումների միջեւ ոչ մի տարբերութիւն չկայ, մօտեցումները100 տոկոսով նոյնական են»։ «Եւ յայտարարել է այն հանդիպումից առաջ, որտեղ յետոյ ասել է՝ Արցախի բանակցութիւններին պէտք է մասնակցի նաեւ Արցախը: Անհասկանալի է: Կայ շատ թոյլ, խոցելի, վնասակար մօտեցում. խօսում է այն մասին, որ Արցախի ժողովուրդը պէտք է արտայայտի իր կամքը՝ ինչպէս է ուզում ապրել: Այսինքն, անտեսւում է 1991 թուականի հանրաքուէն, նաեւ 2006 , 2017 թուականների Սահմանադրութեան հանրաքուէները», դիտել տուաւ Կ. Մանոյեան:
Ըստ անոր՝ ճիշդ չէ ըսել, որ Հայաստան չէ ճանչցած Արցախի անկախութիւնը, նոյնքան ճիշդ չէ ըսել, որ լրիւ ճանչցած է: Ճանաչումը միջանկեալ տիրոյթի մէջ է. Հայաստանի մէջ կայ Արցախի Հանրապետութեան դիւանագիտական ներկայացուցչութիւն, որ, պաշտօնական Երեւանի տեսանկիւնէն՝ նոյն կարգավիճակը ունի, ինչ որ, օրինակ, Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնները: Բացի այդ, Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւնները ունին միջպետական համաձայնագիրներ եւ յարաբերութիւններ: Փաստ է նաեւ այն, որ Ատրպէյճան բանակցութիւնները անվերջ պատանդ կը պահէ:
Արցախեան հարցի լուծման փուլային տարբերակին անդրադառնալով՝ Կիրօ Մանոյեան հարցը դիտարկեց ոչ թէ այսօրուան, այլ ասկէ 5-6 տարի առաջուան իրողութիւններուն տեսանկիւնէն. «Որոշ փորձեր եղան՝ ասելու, որ թող Հայաստանն ու Ադրբեջանը գրեն, թէ նախնական ի՛նչ համաձայնութիւններ են եղել միմեանց միջեւ: Բարաբախտաբար, Հայաստանի նախկին իշխանութիւնները դա չընդունեցին. եթէ գրէին՝ ըստ այդ համաձայնութիւնների պէտք է գործէին: Հայաստանի իշխանութիւնների դիրքորոշումն այն էր, որ Արցախի հարցը փաթեթային լուծում պէտք է ունենայ: Միջազգային փորձագիտական շրջանակների կողմից երեք օր առաջ ասուեց՝ թող եղած հարցերի շուրջ Հայաստանը համաձայնի, տարածքներ տայ, փախստականների հարցը լուծի, յետոյ կարգավիճակի խնդրին էլ կ՛անդրադառնան: Սա նոյնքան վտանգաւոր է, որքան մադրիդեան փաստաթուղթը: Վտանգաւոր է նաեւ հայաստանեան ռազմավարութիւն չունենալը», աւելցուց Կ. Մանոյեան։
Ան յայտնեց, թէ ինք մտահոգ է, որ այս իշխանութիւնները չունին Արցախի տագնապի լուծման ռազմավարութիւն եւ հայեցակարգ, տարբեր պահերու տարբեր բաներ կ՛ըսեն. Մանոյեան վտանգաւոր նկատեց նաեւ այն, որ ներկայ իշխանութիւնները չեն գիտեր, թէ ո՛ր քայլէ ետք ի՛նչի պիտի ձեռնարկեն: Շփման գիծին վրայ, սահմանի երկայնքով կրակոցները պակասած են, բայց Ատրպէյճան իր դիրքերը ամրապնդելու կարելիութիւն ստացած է։ Համաժողովին մասնակցող գործիչները չեն թաքցուցած իրենց մտահոգութիւնը՝ կարելի չէ պատերազմը անհաւանական նկատել։ Կիրօ Մանոյեան եւս շեշտեց, որ նոր պատերազմի վտանգը անհանգստացնող է:
Իսկ Արծունիկ Մինասեան լուսարձակի տակ առաւ Հայաստանի զանազան մարտահրաւէրները՝ շեշտելով, որ 2019ը կորսուած կարելիութիւններու եւ նոր սպառնալիքներու ձեւաւորման տարի էր, առնուազն կարեւոր 7 ուղղութիւններով. ոչ միայն կարելի չեղաւ յաւուր պատշաճի ուժեղացնել մեր պետականութիւնը, այլ նոր սպառնալիքներ ձեւաւորեցինք։
Առաջին երեք հարուածները, ըստ Մինասեանի, հասցուած են արտաքին յարաբերութիւններուն, Արցախեան բանակցութիւններուն եւ հայոց բանակին:
Մինասեան նկատել տուաւ, որ Հայաստանի մէջ կ՛աճի նաեւ ատելութեան խօսքը, իշխանութիւնները կ՛ընտրեն նոր թիրախներ, որոնց նկատմամբ ատելութեան մթնոլորտ կը ստեղծուի՝ այդպիսով անտեսումի մատնելով այն հարցերը, որոնք կրնան մտահոգութիւններ յառաջացնել մարդոց մօտ՝ մասնաւորապէս, նոր իշխանութիւններէն սպասելիքներու առումով:
Ան նշեց նաեւ, թէ հասարակական լարուած մթնոլորտին, անհանդուրժողականութեան պայմաններուն մէջ շատ աւելի ծանր հետեւանքներ կը յառաջացնեն օտարածին օրակարգերու սպասարկման պատրաստ եւ զանոնք հասարակութեան քաղաքական կեանքին մէջ անընդհատ ու ամէն օր ներածուող մօտեցումները: «Դրանք փորձ են՝ ձեւաւորելու մի հասարակութիւն, որը չունի դիմադրողականութիւն, որն ապրում է առօրեայ հաճոյքներով եւ պատրաստ չէ ազգային գաղափարների ու նպատակների համար պայքար տանել, կամ, լաւագոյն դէպքում, նրա պայքարը պէտք է լինի, այսպէս կոչուած, համայն աշխարհի կամ մարդկութեան շրջանակներում պարզապէս սեփական բարեկեցութիւնը բարելաւելը», պարզաբանեց ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի անդամը:
Միւս մարտահրաւէրը, ըստ Մինասեանի, իշխանութեան մէջ մենատիրութեան հաստատման առարկայական գործողութիւններն են: «Դատարանների նուաճման քաղաքականութիւնը, որ իշխանութիւնը վերից վար պլանաւորուած ձեւով փորձում էր իրականացնել, բացայայտում է նաեւ անձնիշխանութեան, անձնակենտրոն իշխանութեան ցանկութիւններն ու ձգտումները:
Արծուիկ Մինասեան ըսաւ նաեւ, թէ քաղաքական կուսակցութիւնները, որոնք պէտք է երկրին մէջ հասարակութեան քաղաքական կամքը ձեւաւորեն, այսօր, որքան կարելի է, կը պիտակաւորուին, յատկապէս այն կուսակցութիւնները, որոնք իշխանութեան ընդդիմախօս են: