ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Աւան եւ Նոր Նորք վարչական շրջաններու ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի նախկին նախագահ Սամուէլ Ուզունեան, որ քննած էր 27 Հոկտեմբերի գործը, հատած է Հայաստանի պետական սահմանը. որոշում տրուած է անոր նկատմամբ հետախուզութիւն յայտարարելու։ Լրատուամիջոցներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին այս մասին յայտնեց Հայաստանի ընդհանուր դատախազի խորհրդական Գոռ Աբրահամեան:
«Բարձրագոյն դատական խորհրդի կողմից ՀՀ դատախազութեան ներկայացրած միջնորդութիւնների բաւարարումից անմիջապէս յետոյ՝ Դեկտեմբերի 20ին, երեկոյեան, Հայաստանի ընդհանուր դատախազի տեղակալի պաշտօնակատարի որոշմամբ, Աւան եւ Նոր Նորք վարչական շրջանների ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի նախկին նախագահ Սամուէլ Ուզունեանը գործով ներգրաւուել է որպէս մեղադրեալ, եւ որոշումն ուղարկուել է ՀՀ ՀՔԾ՝ նրան մեղադրանք առաջադրելու եւ խափանման միջոցի ընտրութեան հարցը լուծելու նպատակով», ըսաւ Աբրահամեան։ Ան նշեց, որ դատարանը բաւարարեց զայն բանտարկելու միջնորդութիւնը եւ յանձնարարեց ոստիկանութեան՝ գործադրելու հրահանգը։ Սակայն Ուզունեան հեռացած է Հայաստանէն։ Ներկայիս անոր նկատմամբ հետախուզութիւն յայտարարուած է, եւ աշխատանք կը տարուի ճշդելու անոր գտնուած վայրը։
Սամուէլ Ուզունեան 27 Հոկտեմբերի գործը քննած դատաւորն է: Քրէական գործը կը վերաբերի այն ժամանակաշրջանին, երբ Ուզունեան կը ղեկավարէր Երեւանի Աւան եւ Նոր Նորք վարչական շրջաններու ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը: Դատաւորը կը մեղադրուի 51 հազար տոլար կաշառք ստանալու յանցանքով:
Չիհասկցայ որ դրամը Հոկտեմբեր 27ի գործին համար առած է թէ ոչ ուրիշ բանի՞ համար: Եթէ ուրիշ բանի համար է, ուրեմն աս լուրին մէջ քիչ մը բրոբականտա կայ: Երկու անգամ գրեր էք որ 27ի գործը ասի քննած է եղեր: Յետոյ, աս ինչ աժան մարդ է, որ 51 հազար տոլար կերեր է ըսելով Հայաստանէն փախեր է: Միլիոններ ուտողները հիմա կառավարութեան հետը նստած են եւ չեն փախիր, նոր շահեր կը բերեն աս կառավարութեան հետ գործ ընելով: Ասանկ լուրեր կը խնդացնեն ալ, կը լացնեն ալ: