30 Նոյեմբերին, ՀՅԴ Փրովիտընսի «Քրիստափոր» կոմիտէութեան կազմակերպութեամբ, Քրենսթըն շրջանի «Քաունթի Քլապ»ին մէջ նշուեցաւ ՀՅԴի 129ամեակը:
Ներկաներուն թիւը կը գերազանցէր հարիւրը: Բացման խօսքը կատարեց ներկայացուցիչ Յակոբ Տոնոյեան, որ նշեց, թէ այս առթիւ նաեւ պիտի նշուի «Հայրենիք» շաբաթաթերթին 120ամեակը:
Օրուան հանդիսավարն էր Հրակ Առաքելեան: Զոյգ քայլերգները մեներգեց Տալիտա Կեցոյեան, իսկ «Մշակ Բանուոր»ը մեներգեց Մենար Դարբինեան:
Խօսք առաւ, ապա աղօթեց շրջանի հոգեւոր հովիւ հայր Գաբրիէլ Նազարեան: Ան շեշտեց, վերջերս Հայ Դատի արձանագրած յաջողութիւնները Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ:
Առաքելեան իր խօսքին մէջ նշեց, թէ այսօրուան վայրէն հազիւ ժամ մը պակաս կը գտնուի «Հայրենիք»ի խմբագրատունը: Ան վեր առաւ հայ թերթին կարեւորութիւնը, որ յատկապէս երիտասարդութեան մօտ կը ստեղծէ հետաքրքրութիւն եւ հաւատք: «Իբեւ ՀԵԴի անդամներ, մենք կրնանք մեր կարծիքը յայտնել եւ ազատօրէն արտայայտուիլ», ըսաւ ան:
Արեւելեան Ամերիկայի շրջանի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ճորճ Աղճայեան, իր կարգին խօսք առնելով՝ շեշտեց կարեւորութիւնը տեղեկատուական միջոցներուն, որոնք յատկապէս տարուէ տարի կատարուած արդիականացումով՝ աւելի կը դիւրացնեն աշխատանքը:
«Գաղութին մէջ, ՀՅԴի պաշտօնաթերթն է, որ հետեւողական կերպով եւ անաչառօրէն կը պաշտպանէ գաղութին իրաւունքները, յատուկ գուրգուրանք կը ցուցաբերէ եւ անշուշտ հայութիւնը յուզող տեղեկութիւն կը փոխանցէ»:
Օրուան բանախօսն էր «Հայրենիք»ի անգլերէն բաժինի նախկին խմբագիր Խաչիկ Մուրատեան, որ յայտնեց, թէ այսօր կուսակցութեան մը 129ամեակը չէ, զոր կը նշենք, այլ կուտակում մը պատմութիւն կերտած տարիներու, որոնց մասին անդրադարձած է «Հայրենիք»ը:
Մուրատեան հետաքրքրականօրէն խօսեցաւ անծանօթ Կարապետ Մեխտիկեանի մասին, որ Տիգրանակերտ ծնած հայորդի մըն էր, որ մասնակցած է Կարսի ազատագրութեան պայքարին եւ քանի մը տարի ետք ան հասած է Չինաստան, ուր եղած է շրջանի գաղութի հիմնադիրներէն: Ան իր ներդրումը ունեցած է ՀՕՄի մասնաճիւղի մը ստեղծման եւ նոյնիսկ հայերէն գրատան մը կազմակերպման: «Հոն, հեռաւոր Չինաստանի մէջ, Մեխտիկեան կապ հաստատած է «Հայրենիք»ի խմբագրատան հետ՝ ստանալու համար մեսրոպատառ թերթերը: Անոր դուստրը, որ այսօր 90 տարիքը բոլորած է, եւ այժմ կ՛ապրի Ֆրեզնոյի մէջ, ցայսօր կը յիշէ, թէ հեռաւոր Չինաստանի իրենց տան երդիքին տակ կը հասնէր այս թերթը», ըսաւ Մուրատեան, որ աւարտին կոչ ուղղեց՝ շարունակ թիկունք կանգնելու եւ օժանդակելու այս պատմական հաստատութեան:
Գեղարուեստական յայտագիրի ներկայացման եւ ընթրիքին կողքին, տեղի ունեցաւ յատուկ կարկանդակի հատում եւ մոմավառութիւն: Իսկ այս առթիւ հաւաքուած 3000 տոլարէն աւելի գումարը տրամադրուեցաւ «Հայրենիք»ին:
Իսկ 10 Դեկտեմբերի յետմիջօրէին, Ուսթըրի «Արամ» կոմիտէութիւնը նշեց ՀՅԴի 129ամեակը, տեղւոյն Սրբոց Երրորդութեան եկեղեցւոյ մէջ: Օրուան հանդիսավարն էր դոկտ. Հանրի Թերիօ, որ անդրադարձաւ քաղաքական ներկայ իրադարձութեանց, յատկապէս տեղեկութիւններ փոխանցելով Թուրքիոյ մասին: Ան մտահոգութիւն յայտնեց, թէ իր յարձակողական քաղաքականութիւնը շարունակելով՝ Թուրքիա յաւելեալ պայթուցիկ մթնոլորտ կրնայ ստեղծել:
Օրուան բանախօսն էր Անի Չաղլասեան, որ ըսաւ հետեւեալը. «1890ին, Թիֆլիսի մէջ հիմնուած ՀՅ Դաշնակցութեան գերագոյն նպատակն էր՝ հայութեան թիկունք կանգնիլ եւ անկախութիւն կերտել: Չուշացաւ այդ երազը… թէեւ կարճ կեանք ունեցաւ 1918ին անկախացած Հայաստանը, որ սակայն հիմքն է ներկայ Հայաստանին, 70 տարի շարունակ համայնավարութեան լուծին տակ մնալէ ետք: Մնացինք, դիմադրեցինք եւ դեռ ալ պինդ եւ ամուր պիտի շարունակենք մեր գործը: 129 տարիէ ի վեր կը գործենք: Քաջատեղեակ ենք, որ շատ աշխատանք կայ տանելիք, սակայն փախչողը չենք»:
Շրջանի ՀՕՄին անունով խօսք առաւ Քարոլ Ճաֆարեան, որ յաւելեալ տեղեկութիւններ փոխանցեց շրջանին գործունէութեան մասին: Հուսկ, գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցաւ Շանթ Մասոյեան: