ՊՈԼԻՍ.- Օսմանեան կայսրութեան շրջանի նշանաւոր հայ նկարիչներու ստեղծագործութիւնները կը սկսին ցուցադրուիլ միասնական ցուցահանդէսի մը մէջ։ Ցուցահանդէսը կը բացուի «Քենվըս Արթ Ինվեսթմընթց» սրահին մէջ։
Քանիցս ընդգծուած է, որ Օսմանեան շրջանին նկարչական արուեստը արձանագրած է ուժեղ մագլցումներ, բայց այս արուեստը իր գագաթնային յաջողութիւնը միշտ ձեռք բերած է հայ նկարիչներու գործերով։ Արդարեւ, հայ նկարիչները անջնջելի տեղ մը ունեցած են Օսմանեան շրջանի գեղարուեստի եւ մասնաւորաբար նկարչութեան մարզին մէջ։ Այդ շրջանի այս նշանաւոր հայ նկարիչներուն գործերը այժմ, առաջին անգամ ըլլալով, հաւաքաբար կը ցուցադրուին։
Թուրք մամուլը արձագանգեց Օսմանեան շրջանի հայերուն կատարած գործին։ Անգամ մը եւս կ՛ընդգծուի հետեւեալը. «Հայեր, որոնք Օսմանեան կայսրութեան պետական կառավարման համակարգին մէջ կարեւոր դիրքերու հասած էին, իրենց դրոշմը թողած են նաեւ ճարտարապետութեան եւ նկարչութեան մարզերուն մէջ ու ծնունդ տուած են հոյակապ ստեղծագործութիւններու։ Կայսերական պալատի զարդերէն մինչեւ թատրոնի տեքորները, Վոսփորի ափերը զարդարող ապարանքները եւ ճարտարապետական կառոյցները արդիւնք են հայերու ստեղծագործական մտքին»։
Ցուցահանդէսին մէջ մասնաւոր կարեւորութիւն կը ներկայացնեն Պէշիկթաշցի Մկրտիչ Ճիւանեանի «Իսթանպուլ»ը, Սամաթիացի Սիմոն Եազըճեանի բոլորին անծանօթ «Գուշակ կինը» ¤ֆալճը քատըն) 1882 թուակիր կտաւը եւ տրապիզոնցի Բիւզանդ Կոսամանեանի «Էշեր»ը։ Լրատու աղբիւրը կը նշէ հայ նկարիչներուն անուններ, որոնց գործերը այժմ մաս կը կազմեն բացուող ցուցահանդէսի հաւաքածոյին։ Որպէսզի տեսնենք, թէ որքան բարձր է անոնց թիւը, մէկ առ մէկ յիշենք այդ անունները.
Գարակէօզեան, Ա. Միլտճեան, Յակոբ Արատ, Ամպէրեան, Ափազլեան, Աշոտ Զօրեան, Ազարեան, Պ. Փափազեան, Պօղոսեան, Պօշնաքեան, Տավիտ Ֆլորեան, Տավիտ Չըրաճեան, Տէմիրճեան, Տորք Զագարեան, Էրկանեան, Էսսաեան, Կարապետ Եազմաճեան, Ժագ Իհմալեան, Գ. Պէյազեան, Գանճեան, Գավաֆեան, Մաիտէ Արէլ, Մարի Գըպրըսլեան, Մարի Փափազեան, Մկրտիչ Ճիվանեան, Միհրան Մարտիկեան, Միսքճեան, Նագգաշեան, Նորար Ասլանեան, Յովհաննէս Օննիկ Քիւրքճեան, Օննիկ Ադամեան, Փեթրօ Քէշիշօղլու, Բիւզանդ Կոճամանեան, Սերոբեան, Սիմոն Եազըճեան, Ստեփան Կ. Զագարեան, Թէրլէմէզեան, Թէրզեան, Շիմշիտեան, Վահան, Վարդ Հազէրեան, Եազմաճեան, Եղիա Իմիրզէեան, Զագ Զագարեան։
Ցուցահանդէսը Պոլիսէն ետք պիտի բացուի նաեւ Փարիզի, Նիսի, Լոս Անճելըսի, Ուաշինկթընի ու Նիւ Եորքի մէջ։