Սուրիոյ պատերազմի տարիներուն, ահաբեկչութեան թիրախ դարձած, ապա Սուրիոյ նախագահին նիւթական ներդրումով վերանորոգուած Դամասկոսի Ազգային Միացեալ վարժարանը այսօր տօնեց իր Ամանորը: Տօնը կրկնակի ցնծութեան առիթ եղաւ, երբ անակնկալօրէն վարժարանը այցելեց Սուրիոյ Առաջին տիկին Ասմա ալ Ասատ եւ իր բարեմաղթութիւնները յայտնեց աշակերտներուն, բարի եւ արգասաբեր տարի մաղթելով բոլորին:
Աշակերտները Առաջին տիկնոջ ներկայութեան գեղարուեստական ճոխ յայտագիրով հանդէս եկան:
Տօնակատարութեան ներկայ էին Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեան, «Ա. Ահարոնեան» կեդրոնի պատասխանատու Արմէն Ուրֆալեան, վարժարանի տնօրէնուհին եւ վարժարանի Հոգաբարձական կազմին անդամները: