ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- 2020ին տեղի ունենալիք Միացեալ Նահանգներու մարդահամարի նախապատրաստութիւնները արդէն իսկ կը հասնին իրենց աւարտին, եւ մարդահամարի գրասենեակը յառաջիկայ տարուան գարնան ժամանակաւոր աշխատանք փափաքողներէն սկսած է դիմումնագիրներ ընդունելու։
Անոնք գլխաւորաբար պիտի այցելեն տուները անոնց, որոնք մինչեւ որոշ ժամանակ համացանցով, նամակատան միջոցով կամ հեռաձայնով չեն պատասխանած մարդահամարի գրասենեակին դիմումներուն։ Կարիքը կայ յատկապէս անգլերէն եւ այլ լեզու մը գիտցող աշխատաւորներու, որոնց մարզումները պիտի կատարուին 2020ի առաջին եռամսեակին։
Լոս Անճելըս գաւառին մէջ, նախատեսուած է նման աշխատաւորներու համար վճարել ժամական 21 տոլար։
Դիմողները պէտք է առնուազն 18 տարեկան ամերիկացիներ ըլլան։ Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ դիմումնագիրը ամբողջացնելու համար՝ դիմել (855) JOB-2020 թիւին կամ այցելել www.2020census.gov/jobs կայքէջը։