ՀԻՒՍԹԸՆ.- Ցեղասպանութեան դասաւանդման ծրագիրին (GenEd) ներկայացուցիչները առիթը ունեցան Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդման միջոցներու նուիրուած երկու աշխատանիստեր իրականացնելու եւ դասաւանդութեան նիւթեր ներկայացնելու՝ 21-23 Նոյեմբերին, Հիւսթընի մէջ տեղի ունեցած Միացեալ Նահանգներու Ընկերային ուսմանց ազգային խորհուրդի տարեկան խորհրդաժողովին ընթացքին։
Առաջնորդութեամբ Ցեղասպանութեան դասաւանդման ծրագիրին կրթական բաժանմունքի վարիչ Սարա Քոհընի՝ «Ցեղասպանութեան հիմքերը եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը» նիւթով կէսօրեայ աշխատանիստին ընթացքին, ուսուցիչներուն բացատրուեցաւ, թէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ինչպէս օրինակ դարձած է 20րդ դարու միւս ցեղասպանութեանց։
«Քաջալերական էր տեսնել մեծ թիւով ուսուցիչներու մասնակցութիւնը եւ անոնց ցուցաբերած հետաքրքրութիւնը ու պատրաստակամութիւնը, Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդումը մաս դարձնելու իրենց դասաւանդման ընդհանուր ծրագիրին», կը յայտնէ Քոհըն։
Երկրորդ աշխատանիստը նոյնպէս տեղի ունեցաւ Քոհընի առաջնորդութեամբ։ Անիկա կը կրէր՝ «Ցեղասպանութեան քարտէսագրումը. Հայկական Հարցը եւ աշխարհագրական պատմական տեղեկատուական համակարգերը» խորագիրը եւ ուսուցիչներու կը ծանօթացնէ համացանցային յատուկ կայք մը, որ աշակերտները կը մղէ ուղղակի մասնակից դառնալու դասաւանդման համար օգտագործուող քարտէսներու պատրաստութեան։
Նաեւ, տարեկան խորհրդաժողովին երեք օրերուն ընթացքին, Ցեղասպանութեան դասաւանդման ծրագիրին ներկայացուցիչները իրենց յատուկ կրպակին մօտեցող ուսուցիչներուն խորհուրդներ եւ նիւթեր տրամադրեցին, զանոնք «զինելով» Հայոց Ցեղասպանութիւնը դասաւանդելու նորագոյն տեղեկութիւններով։