ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թրքական իշխանամէտ «Աքշամ» թերթի վերլուծաբան Էմին Փազարճը թիրախ դարձուցած է Պոլսոյ հայկական «Արաս» հրատարակչատունը եւ մայրաքաղաք Անգարայի Չանքայա շրջանի քաղաքապետարանը:
Պատճառը՝ «Արաս»ի եւ գլխաւոր ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան հակակշիռին տակ գտնուող Չանքայայի քաղաքապետարանի ղեկավարութեան համագործակցութեամբ տեղի ունեցած գիրքերու ցուցահանդէսն է, ուր ցուցադրուած են նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին գիրքեր:
Փազարճը գրած է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան «պնդումներն ու սուտերը» Անգարայի համար լուրջ գլխացաւ դարձած են, եւ այս գծով արտաքին բոլոր դերակատարները, ներառեալ Թուր-քիոյ դաշնակիցը համարուող Միացեալ Նահանգները, կը յարձակին Թուրքիոյ վրայ:
Ապա, հեղինակը, մատնացոյց ընելով Չանքայայի քաղաքապետարանի իրականացուցած գիրքերու ցուցահանդէսը, գրած է, որ ընդդիմադիր կուսակցութիւնը նման արարքներով երկրին կը հարուածէ թիկունքէն:
Հեղինակը գրած է, որ ցուցահանդէսին ժամանակ կը հրամցնեն Ցեղասպանութեան վերաբերեալ Արեւմուտքի «սուտերը», որոնց դէմ Անգարա տարիներ շարունակ կը պայքարի:
«Այնտեղ ցուցադրուած, ներկայացուած ու վաճառուած են գիրքեր «Արաս» հրատարակչութենէն, որ հայկական կազմակերպութիւն է: Անոնց մէջ կան 158 թրքերէն եւ 60 հայերէն գիրքեր», գրած է Ցեղասպանութիւնը ժխտող հեղինակը։