ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարար Յակոբ Արշակեան եւ Հայաստանի Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան 25 Դեկտեմբերին ընդունեցին «Ներուժ» Սփիւռքի արհեստագիտական «սթարթափ»ներու ծրագիրի 2019ի յաղթողները:
Յակոբ Արշակեան շնորհաւորեց սփիւռքահայ յաղթողները եւ կարեւոր նկատեց այս ծրագիրը՝ արհեստագիտական մարզին մէջ տաղանդի ներհոսքը Հայաստան ուղղորդելու տեսանկիւնէն:
«Հիմնական առաջնահերթութիւնը բարձր տեխնոլոգիաների ոլորտի տաղանդների վերադարձն է, որովհետեւ նրանք գալիս են այստեղ, իրենց միտքն իրագործում՝ ստեղծելով հարիւրաւոր աշխատատեղեր: Բարձր տեխնոլոգիաների ոլորտը մեծ յաւելեալ արժէք է ստեղծում, ինչպէս նաեւ մեծ ազդեցութիւն է ունենում տնտեսութեան տարբեր ճիւղերի զարգացման վրայ՝ ազդելով տարբեր մասնագիտութեան տէր մարդկանց ներգաղթի վրայ», ընդգծեց Արշակեան։
Զարեհ Սինանեան նշեց, որ «Ներուժ» ծրագիրին մասնակցողներուն միջեւ մրցակցութիւնը թէժ էր, եւ պէտք էր մեծ ջանք գործադրել՝ յաղթողի կոչման արժանանալու համար՝ շեշտելով, որ յաղթողները ներկայացուցած էին բարձրորակ ծրագիրներ եւ արժանի դարձած այդ յաղթանակին: «Այնպէս որ, սպասում ենք ձեզ, որ հայրենադարձուէք եւ Հայաստանում իրականացնէք ձեր ծրագրերը», աւելցուց ան։
«Ներուժ» ծրագիրին յաղթողները հարցումներ ուղղեցին Յակոբ Արշակեանին եւ Զարեհ Սինանեանին՝ յատկապէս հետաքրքրուելով իրենց գործունէութիւնը Հայաստանի մէջ ծանօթացնելու վերաբերող մանրամասնութիւններով: Երիտասարդները կիսեցին նաեւ ծրագիրի օրակարգի, կառուցուածքի, բանախօսներուն վերաբերող կարծիքներ եւ տպաւորութիւններ:
Այս տարուան «Ներուժ» ծրագիրով յաղթեցին 6 «սթարթափ»ներ՝ գաղափարի մակարդակի վրայ գտնուող երեք «ստարթափ»ներն են Marathon, eBin, SoFetch, իսկ շուկայ մուտք գործելու պատրաստ առաջինէն երրորդ մրցանակի արժանացած «սթարթափ»ները Schedex, Garoon Tech եւ Fact industries: