ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան աշխատանքը կը շարունակուի եւ նորանշանակ վարչապետ Հասսան Տիապ արդէն իսկ հասած է նախարարներուն ինքնութիւնը ճշդելու փուլին: Ան ամէն ջանք ի գործ կը դնէ, որպէսզի նախարարները ըլլան մասնագէտներ եւ անկուսակցական, բացառելով նաեւ ներկայ երեսփոխանները, ինչպէս նաեւ նախապէս նախարարի պաշտօններ ստանձնած անձնաւորութիւնները:
Միւս կողմէ, ժողովրդային շարժումին մաս կազմող ցուցարարներուն թափը համեմատաբար աւելի զարգացաւ շաբաթավերջին, երբ Շաբաթ յետմիջօրէին ցուցարարներ Թրիփոլիէն 11 փոխադրակառքերով ուղղուեցան Պէյրութ, բողոքի ցոյց մը կատարելու վարչապետ Տիապի բնակարանին դիմաց եւ պահանջելու անկէ, որ հրաժարի կառավարութիւն կազմելու իր պարտականութենէն: Կիրակի երեկոյեան, ցուցարարները դարձեալ համախմբուեցան Տիապի բնակարանին առջեւ:
Ժողովրդային շարժումը նոյն օրը ուղղուեցաւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարի պաշտօնակատար Մուհամմատ Շքէյրի բնակարանը, Համրա: Ցուցարարներուն եւ Շքէյրի ապահովութեան հսկող ոստիկաններուն միջեւ արձանագրուեցան բախումներ, երբ երիտասարդ ցուցարարները փորձեցին շէնքը ներխուժել:
Նաեւ, երեկոյեան, Պէյրութի Նահատակաց հրապարակին վրայ կատարուեցաւ «Իւրացուած գումարներու վերադարձի Կիրակի» անունը կրող ցոյցը: