ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Աշխատանքային այցելութեամբ Ստեփանակերտ գտնուող Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան հանդիպում ունեցաւ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ:
Նախագահին հետ հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան անվտանգութեան վերաբերող հարցեր:
Հանդիպում տեղի ունեցաւ նաեւ Արցախի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արշաւիր Ղարամեանի, Ոստիկանապետ Լեւոն Մնացականեանի, Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահ Սրբուհի Արզումանեանի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Արցախի մէջ սպասուող խորհրդարանական եւ նախագահական ընտրութիւններու կազմակերպչական աշխատանքները եւ կատարուելիքները:
Արմէն Գրիգորեան տեսակցեցաւ նաեւ պաշտպանութեան բանակի հրամանատար, զօր. Կարէն Աբրահամեանի հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ապահովական իրավիճակը, ռազմավարական ենթակառուցուածքներու զարգացման եւ շարք մը այլ ծրագիրներու վերաբերող հարցեր: