ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ․- Լոս Անճելըս գաւառի իշխանութիւնները 21 Ապրիլի յետմիջօրէին յայտարարեցին, թէ նախորդ 24 ժամերուն ընթացքին «Քորոնա» ժահրով վարակուած 46 քաղաքացիներ եւս մահացան գաւառին տարածքին։ Նոյն ժամանակահատուածին մէջ արձանագրուած են վարակման 1400 նոր պարագաներ։
Ցարդ Լոս Անճելըս գաւառին տարածքին արձանագրուած են 15,140 վարակումներ եւ 663 մահեր, որոնց 89 տոկոսը առողջական այլ բարդութիւններ ունէր։ Քննութիւններուն թիւը անցած է 89,000ի սահմանը։
«Քորոնա» ժահրի համաճարակին գծով Լոս Անճելըս գաւառին սպասարկութիւններուն ծանօթանալու համար այցելել www.publichealth.lacounty.gov կայքը։