ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Ամբողջ աշխարհի մէջ, ներառեալ Հայաստանի մէջ, հարիւր հազարաւոր մարդոց կեանք խլող եւ ամէնուր տնտեսութիւնը եւ հասարակական կեանքը կաթուածահար ընող «Քորոնա» ժահրի համավարակին ընթացքին, Հայաստանի մէջ եւ Սփիւռքի հայկական համայնքներու այս օրերու ամէնէն մեծ հակասութիւնը դարձած է Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի յայտարարութիւնը եւ Հայաստանի զանազան պաշտօնեաներու եւ լրատուական միջոցներու կարգ մը անդամներու կոշտ արձագանգը։
Դժբախտաբար, այսպիսի առճակատում մը անսպասելի չէր։ Հայաստանի մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը իշխանութիւն բերած Թաւշեայ յեղափոխութենէն ի վեր, Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ լարուած մթնոլորտ կը տիրէ՝ կառավարութեան սատարողներուն եւ դէմ արտայայտուողներուն միջեւ: Թէեւ քաղաքական հարցերու մէջ հակառակ կողմեր ըլլալուն մէջ ոչ մէկ սխալ կայ, սակայն առճակատումը այնքան բռնկած է, որ յաճախ կը հնչեն փոխադարձ վիրաւորանքներ, հայհոյանքներ եւ նոյնիսկ ֆիզիքական սպառնալիքներ, յատկապէս ընկերային ցանցերու մէջ։ Հայկական լրատուական միջոցներու աւելի վաղ տուած հարցազրոյցի մը մէջ ես յորդորած էի հայերը, որ պէտք չէ իրենց համաձայն չեղողներուն հետ թշնամիներու պէս վարուին․․․: Ես ըսած էի, որ «մենք կրնանք անհամաձայն ըլլալ՝ առանց անհաճոյ ըլլալու»։
Հասկնալի է, որ հայերուն մեծ մասը նախորդ ղեկավարները կը համարէ հարստահարողներ, որոնց անարդար կառավարման օրերուն հայ ժողովուրդը շատ տուժած է։ Հարիւր հազարաւոր հայեր գաղթած են Ռուսիա, Եւրոպա եւ Հիւսիսային Ամերիկա ոչ միայն տնտեսական դժուարութիւններու, այլեւ ընկերային անհաւասարութեան պատճառով: Հետեւաբար, որոշ չափով բնական է, որ հայերուն մեծ մասը այսպիսի բացասական զգացումներ ունենայ նախորդ վարչակարգերուն նկատմամբ:
Այսուամենայնիւ, ես հայերուն կ՛առաջարկեմ կեդրոնանալ Հայաստանի տնտեսութեան վերականգնման վրայ, այլ ոչ թէ համակուիլ ատելութեամբ՝ իրենց ամբողջ կեանքին ընթացքին։ Անոնք, որոնք հարստացած են իրենց պաշտօնական դիրքերը չարաշահելու միջոցաւ, պէտք է կանգնին դատարանի առջեւ եւ արժանի պատիժ ստանան իրենց կատարած յանցանքներուն համար։
Անդրադառնալով ներկայ վէճի վերջին դրուագին՝ Գարեգին Բ. կաթողիկոսը անցեալ շաբաթ յայտարարութիւն մը հրապարակեց «Նիուզ․ամ» կայքին վրայ՝ առաջարկելով փոփոխութեան ենթարկել նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի խափանման միջոցը: Ահա՛ կաթողիկոսին յայտարարութիւը․
«Համավարակի ներկայ պայմաններուն մէջ աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ կը տեսնենք, որ մասնաւոր ուշադրութիւն կը դարձուի բանտարկութեան վայրերու մէջ գտնուող մարդոց վրայ, ողջունելի քայլերու կը ձեռնարկուին՝ հասարակութեան համար վտանգ չներկայացնողները ազատ արձակելու կամ խափանման միջոցները փոխելու՝ զերծ պահելու համար զանոնք վտանգաւոր այս վարակէն։ Նման հարցերու մէջ Եկեղեցւոյ դիրքորոշումը խարսխուած է սիրոյ, խնամքի եւ գթասրտութեան աստուածային պատգամին վրայ, եւ այս առումով մեր յորդորն է, որ հայրենի մեր իշխանութիւնները շարունակեն այս ուղղութեամբ անհրաժեշտ քայլերու նախաձեռնել։ Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի, հաղորդ ըլլալով նախագահի առողջութեան վերաբեռեալ բժիշկներու մասնագիտական կարծիքներուն, կարեւոր կը համարենք, որ արդարադատութեան իրագործման հետ մէկտեղ ձեռնարկուին բոլոր կանխարգելիչ միջոցները եւ միջոցառումները, որոնց կարգին՝ խափանման միջոցի փոփոխութիւն՝ համավարակի այս շրջանին ապահովագրելու համար անոր առողջական վիճակը հետագայ բարդացումներէ»։
Յաջորդ օրը, Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ, իշխող կուսակցութեան անդամ Ալէն Սիմոնեան «ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ կաթողիկոսին պատասխանելով՝ գրեց հետեւեալ կոշտ պատասխանը՝.
«Գարեգին Բ. կաթողիկոսը կ՛ըսէ, որ կարեւոր կը համարէ Ռոպերթ Քոչարեանի խափանման միջոցը փոփել: Ըսեմ, որ հազարաւոր Հայաստանի քաղաքացիներ արդէն շատ երկար ժամանակէ ի վեր կարեւոր կը համարեն Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը փոփելու հարցը: Կը կարծեմ, որ քաղաքացի Կտրիճ Ներսիսեան, որ տասնամեակներ շարունակ լռած է, լռած է, լռած է, այսօր, այս նոր իրավիճակին մէջ, ազատօրէն կրնայ դատարանին մէջ երաշխաւոր հանդիսանալ քաղաքացի Ռ. Քոչարեանի խափանման միջոցը փոփելու համար, եւ այդ մէկուն համար դրամական բաւարար միջոցներ կան»:
Կաթողիկոսին արձագանգեց նաեւ վարչապետին մամլոյ խօսնակը՝ Մանէ Գէորգեան։ Ան կտրուկ կերպով յայտարարեց, որ Հայաստանի կառավարութիւնը մտադրութիւն չունի մեկնաբանելու վեհափառին «յոյսերն ու ցանկութիւնները»։ Մամլոյ խօսնակը յիշեցուց նաեւ, որ Մայր աթոռի տեղեկատուական համակարգի ղեկավար Վահրամ քահանայ Մելիքեան երաշխաւորագիր ներկայացուցած էր գործարար Սամուէլ Մայրապետեանի համար, որպէսզի վերջինս ազատի բանտէն՝ Գերմանիա բուժման մեկնելու համար, իսկ ապա վերադառնայ Հայաստան, սակայն Յունուար 2019էն ի վեր չէ վերադարձած։
Իրավիճակը աւելի բարդացաւ, երբ անցեալ շաբաթ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Երեւանի թեմի առաջնորդական փոխանորդ, Նաւասարդ արքեպիսկոպոս Կճոյեան Հայաստանի կառավարութեան կողմէ մեղադրուեցաւ խարդախութեան եւ դրամի լուացման յանցանքով: Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) յայտարարեց, որ Կճոյեան արքեպիսկոպոս գաղտնի համաձայնութեան եկած է հայ գործարարի մը հետ՝ երրորդ անձի մը դէմ խարդախութիւն ընելու համար։ ԱԱԾը յայտարարեց, որ Կճոյեանին կը պատկանէր ստուերային ընկերութեան մը 33 տոկոսը: Կճոյեան արքեպիսկոպոսի փաստաբանը հերքեց այդ մեղադրանքը։
Էջմիածինը արձագանգեց՝ կոչ ընելով պետական պաշտօնեաներուն եւ լրատուական միջոցներուն՝ յարգելու Կճոյեան արքեպիսկոպոսին անմեղութեան կանխավարկածը: Մայր աթոռի տեղեկատուական համակարգը նաեւ «տարակուսելի» կը համարէ, որ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը մեղադրանքներուն մասին յայտարարեց , Գարեգին Բ. կաթողիկոսին՝ նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի խափանման միջոցը փոփոխութեան ենթարկելու կոչէն մէկ օր անց ։ Կարգ մը բարձրաստիճան հոգեւորականներ նոյնպէս քննադատեցին այն պաշտօնատար մարդիկը, որոնք յարձակեցան կաթողիկոսին վրայ:
Յոյս ունինք, որ փոխադարձ մեղադրանքները կը դադրին, եւ հայերը աւելի յարգալից վերաբերում կը դրսեւորեն իւրաքանչիւր անհատի խօսքի ազատութեան նկատմամբ՝ առանց վիրաւորելու անոնք, որոնք համաձայն չեն իրենց հետ։ Այն պահուն, երբ համավարակը շատ անմեղ կեանքեր կը խլէ, եւ Հայաստանի տնտեսութիւնը վտանգուած է, աւելի խելամիտ կ՛ըլլայ կեդրոնանալ մեր ազգին առջեւ ծառացած լուրջ հարցերու լուծման վրայ։
ԵԶԱԿԻ ԱՌՑԱՆՑ ՔԱՅԼԱՐՇԱՒ՝ ԱՊՐԻԼ 24ԻՆ
Որովհետեւ շատ մը երկիրներու մէջ արգիլուած են հանրահաւաքները, HyeID հասարակական կազմակերպութիւնը կ՛առաջարկէ այս տարի Հայոց Ցեղասպանութիւնը ոգեկոչելու եզակի միջոց մը՝ առանց ձեր տուներէն դուրս գալու։
Ապրիլ 24ի շաբթուան ընթացքին կը խնդրենք, որ այցելէք April24.hyeid.org համացանցային կայքը եւ սեղմէք «միանալ» կոճակը՝ ցոյց տալով ձեր համաձայնութիւնը հետեւեալ յայտարարութեան․ «Մենք ստիպուած ենք մնալու տունը այս Ապրիլ 24ին, բայց մենք կը միանանք առցանց քայլարշաւին․․․: Մենք Արդարութիւն կը պահանջենք 1915ին Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած 1.5 միլիոն հայերու ցեղասպանութեան համար»։ Ձեր համաձայնութիւնը կը ցուցադրուի պաստառին պատկերուած աշխարհի քարտէսին վրայ՝ նշելով իւրաքանչիւր երկրի մէջ առցանց քայլարշաւին միացած մարդոց թիւը:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ