ԱՆԻ ԱՍՏՈՒՐԵԱՆ
Ամիս մը առաջ ֆրանսական հեռատեսիլի TV5 կայանէն սփռուեցաւ հարցազրոյց մը ֆրանսահայ բեմադրիչ Ռոպէր Կետիկեանի եւ երգիչ Տան Ղարիպեանի հետ: Իրենց աղջիկներն ալ կը մասնակցէին հարցազրոյցին: Երկուքն ալ ըսին որ շնորհիւ իրենց հայրերուն, հետաքրքրուած եղած էին իրենց ակունքով, այցելած ու վերայցելած էին Հայաստան եւ ուրա՛խ էին որ իրենց փոխանցուած էր ազգային ինքնութեան գիտակցութիւնը: «Հայերէն չենք խօսիր, բայց հայ կը զգանք» կ’ըսէին: La transmission բառը (փոխանցում) անդադար կը կրկնուէր խօսակցութեան ընթացքին եւ դիտողը բնականաբար կը յուզուէր տեսնելով օտար մայրեր ունեցած, օտար հողի վրայ ծնած եւ հասակ նետած այս երիտասարդուհիներու սէրը իրենց հայրերուն հողին հանդէպ, զոր որդեգրած էին որպէս իրե՛նցը:
Շաբաթ մը առաջ ալ բարեկամ մը ղրկած էր Պոսթոն ապրող երեւանցի Արամ Աւետիսեանի «Արմատներ» շարժապատկերը, ուր արտագաղթած Հայաստանահայերու զաւակը կը վերադառնար Երեւան Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առթիւ եւ կը վերագտնէր ընտանիքը: Իր հաճելի եւ ծիծաղաշարժ բաժիններով հանդերձ, այդ շարժապատկերը կը տառապէր «քլիշէ» եւ մակերեսային
գաղափարներու առատութեամբ: Տեղ մը, Արամը կ’ըսէր Մարսէյլցի իր ընկերուհիին. « ձեր համար Հայաստանը ձեր հիւրասենեակում պատից կախուած Արարատի նկարն է. մէկ մէկ էլ հայկական եկեղեցի էք գնում. դու գալիս ես որպէս թուրիստ»: Անշուշտ չարամիտ մէկը իրեն կրնար պատասխանել. «դուք Արարատը ձե՛ր դիմաց ունիք ամէն օր եւ ամէն ժամ եւ Շուէտ, Ֆրանսա, Ամերիկա վերջնականապէս հաստատուելու ծրագիրներ կը մշակէք. գոնէ թուրիստ ըլլայիք…»: Բայց ես չարամիտ չեմ եւ շարժապատկերի վերջաւորութեան Արամին Երեւան «վերադարձ»ը (հօրենական տունը գնելով) կ’ուրախացնէ զիս:
Ասկէ տարիներ առաջ կարդացած եմ Հայաստանահայ գրագէտ Նորայր Ադալեանի գործերը: Զիս տպաւորած են մանաւա՛նդ երկու պատմուածքներ: Առաջինը կը կոչուի «Պատմութեան Դասը», իսկ երկրորդը՝ «Կապոյտ Երզնկա»: Առաջինին մէջ Ցեղասպանութենէն ճողոպրած երզնկացի մեծ հայրը սնտուկէ մը հի՜ն լուսանկար մը հանել կու տայ թոռնիկին: «Ինչ տեսնում ես, ոսկուց թանկ է. սա պատմութիւն է» կ’ըսէ եւ կը շարունակէ. «դու յիշելու ես բոլոր անունները. նրանք քո արիւնն են, լա՛ւ յիշիր, մինչեւ երկար կեանքիդ վերջը նրանց պահի՛ր սրտիդ մէջ»: Պապիկը կը սկսի ծանօթացնել իր գերդաստանի անդամները. ասիկա Արոուսեակն է. «ի՞նչ եղաւ. թրքացրի՞ն, անպատուեցի՞ն մարմինը…». ասիկա հացթուխ Աքրիբազն է, զոր թուրքերը խորոված են ի՛ր իսկ փուռին մէջ. «Մի օր էլ, լաւ միտքդ պահի՛ր, մի օր էլ օդի մէջ զգացինք Աքրիբազի հոտը…»: Մինչեւ իրիկուն մեծ հայրը կը սորվեցնէ սպանդի զոհ գացած ընտանեկան անդամներուն անունները եւ անկողին կ’երթայ, առաւօտուն ա՛լ չարթննալու համար: Թաղումին օրը, թոռնիկը կը քալէ թափօրին առջեւէն, մեծ հօրը նկարը բռնած: Երբ թաղին տղաքը կը հարցնեն թէ ո՞վ է նկարին մէջինը, կը պատասխանէ՝ «Ե՛ս եմ»: Այս «Ե՛ս եմ»ը , կը պարփակէ արեւմտահայուն ապրած ամբո՛ղջ ողբերգութիւնը, որ կտակի պէս կ’անցնի սերունդէ սերունդ եւ կը նշանակէ թէ փոխանցումը կատարուած է. ինքնութիւնը՝ ընդունուած:
Ն.Ադալեանի երկրորդ պատմուածքը կորսուածը վերագտնելու ճիգ մը կը փոխանցէ: Երզնկացի տարիքոտ զոյգ մը Երեւանի տուներէն մէկուն մէջ կը փորձէ վերստեղծել ծննդավայր քաղաքը: Ամուսինը՝ Փաւստոս, հակած է սեղանին փռուած թուղթին վրայ եւ գոյնզգոյն մատիտներով յիշողութեամբ ետ կը բերէ իր թաղը, թաղին եկեղեցին, աղբիւրը, պարտէզները. երբեմն յիշողութիւնը կը դաւաճանէ իրեն եւ կնոջ օգնութեան կը դիմէ. երբեմն ալ այր ու կին կը վիճաբանին մեզի համար չնչին թուացող, բայց իրենց համար օ՜՝ որքա՛ն կարեւոր աղբիւրի վայրին մասին: «Երզնկայի սառնորակ ջուրը, Փաւստոս, ամէնեւին էլ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցու բակում չէր, ի’նչ է պատահել քո յիշողութեանը». երբեմն ալ կը համաձայնին. «Մամիկոնեան եօթը եղբայրները պաշտպանում էին իրենց քաղցր ծննդավայրը, որտեղ իրենց ծնողները, իրենց պապերն էին ծնուել: Նրանք Երզնկան պաշտպանում էին դեռ աշխարհ չեկած իրենց զաւակների համար»: Ադալեանի երզնկացի հերոսը ոչ միայն կը յիշէ իր ծննդավայրը, այլ գծելով կը վերակենդանացնէ եւ կը վերագրաւէ զայն: Իրականութեան մէջ՝ Նորայր Ադալեանն է, որ իր գրիչով եւ ստեղծած տիպարին գունաւոր մատիտներով կը վերատիրանայ արեւմտեան Հայաստան գտնուած Երզնկային եւ անոր ընդմէջէն՝ բոլո՛ր քաղաքներուն ու գիւղերուն, որոնք պարպուած են հիմա ու կը սպասեն…որո՞ւ:
Այսպէս՝ ֆրանսահայ աղջիկները, ինքզինք «Պոսթըն ապրող երեւանցի» կոչող Արամը, Հայաստան ապրող Ն.Ադալեանի տիպարները մեզ կը մղեն հարցադրելու:
Ցեղասպանութենէն հարիւր հինգ տարի ետք ի՞նչ կը փոխանցենք, ինչպէ՞ս. կը յիշե՞նք իսկապէս, թէ՞ մոռնալու սկսած ենք եւ ծիսակատարութեան թակարդին մէջ ինկած՝ տարուէ տարի աղօտ ձեւով հեռո՜ւն, անապատի կրկներեւոյթի պէս կը տեսնենք յոգնութենէն սպառած եւ գետին փռուած մարդիկ, կմախաքցած երեխաներ, աչքերը խոռոչներու մէջ ինկած դէմքեր: Ի՞նչ կը յիշենք եւ ի՞նչ կը պահանջենք երբ ժամանակին մեծ մասը կ’անցնենք զիրար խծբծելով՝ պառակտուած եւ անհամերաշխ:
Այս հարցումներուն պատասխան գտնելու համար կը դիմեմ երեւակայութեանս Զումի պաստառին: Այս օրերուն տարեդարձներ կը տօնուին, նշանախօսութիւններ, դասընթացքներ տեղի կ’ունենան համակարգիչին վրայ բացուող հրաշք քառակուսիներուն միջոցաւ: Թերեւս բազմաձայն զրոյց մը օգտակար ըլլայ խարխափումի այս աշխատանքին…
Կը նայիմ վեր, ձախին. առաջին քառակուսիէն կը լսուի Գրիգոր Պըլտեանի Սեմերուն մէջ յայտնուող ձայնը. կը պատմէ.
« Ա՛ն էր, առջեւդ, ետեւդ, տակդ, երկինքը, ատ կը շնչէիր, մորթ էփող փոշիոտ օդը, հեղձուցիչ թափանցիկութիւնը, շունչը կը կտրէր երբեմն, կոկորդը կ’այրէր, կը բորբոքէր, տաքութիւնը կ’ըլլար կապոյտ, մութ կապոյտ, ինչպէս հեռուն բացուող ու յանկարծ ցամքող լիճերը. առտուները՝ Վերժին կը մաքրէր աղջիկներուն երեսները աւազէն, թեւերը, ուռող փորը, ոտքերը, գիշերը լաթերը կը փռէր, որպէսզի ցօղուն ջուրի կաթիլ մը հաւաքէր ու դնէր անոնց բերնին, պզտիկ, տեւական պայքար մը ամէն վարկեան, ո՛չ, կանոնաւոր ջանք մը միշտ ուշադիր ըլլալու, շուրջը տեսնելու, չոջլոտելու, մաքուր մնալու, տոկալու լոյսին ալ, յոգնութեան ալ, կեղտին ալ, պահելով գլուխը վեր, ծռելու երբ պէտք է, մարմինը կանգուն, երկու ոտքերուն վրայ, որքան ալ ծարաւը դանկտէր կոկորդը եթէ ոչ՝ պիտի մեռնէինք, կ’ըսէ ձայնը, մեր ապրիլը հեքիաթ է »
Ձախի երկրորդ քառակուսիին մէջ տիկին մը կը յայտնուի եւ կ’ըսէ թէ հայերէն չի կարդար, բայց կը խօսի եւ կը հասկնայ. արդեօք կարելի չէ՞ հայ գրականութեան պատկանող գործերը լատինատառ հրամցնել իրեն եւ իրեն նմաններուն, որոնք հազարներու կը հասնին այսօր…:
Ճիշդ նոյն վայրկեանին, աջ կողմի քառակուսիէն այլ տիկին մը կը յայտնուի եւ սրտնեղած կը բացագանչէ.«Ինչո՞ւ ճիգ չէք թափեր սորվելու, տիկի՛ն: Անգլերէն սորվեր էք, համակարգիչի լեզուն լաւ հասկցեր էք. ինչո՞ւ ներքին մղումը չունիք ձեր մայրենի լեզուին տիրապետելու ամբողջութեամբ»:
Աջ կողմը ՝ վերի անկիւնը դռնակ մը կը բացուի կարծես: Կնոջ մը դէմքը կ’երեւի կարմիր խորդենիներու ետեւէն. յուզուած ՝ կը պատմէ. «պատանի աղջիկս ա՛լ ձանձրացած է «ցեղասպանութիւն» բառը լսելէն, ա՛լ չ’ուզեր այդ մասին ո՛չ գիրք կարդալ, ո՛չ դասախօսութիւն եւ ո՛չ ալ երգ մտիկ ընել »: «Ալէրժ»ի ունի այդ բառին հանդէպ:
Յանկարծ, վարի անկիւնի պատուհանը կը բացուի եւ երիտասարդ մը, բռունցքը դէպի պաստառը ՝ կը պոռայ.« պայքա՜ր, պայքա՜ր, պայքա՜ր մինչեւ վերջ, մինչեւ Ազատ, Անկախ, Միացեալ Հայաստան»:
«Ամա՛ն ջանը՛մ» կը պոռայ մէկը մէջտեղը գտնուող պատուհանէ մը.«ի՞նչ կը կարծէք՝ ձեզի Արեւմտահայաստա՞ն պիտի տան. կը բաւէ՛ երազէք: Ելէ՛ք, եկէ՛ք Հայաստան. գոնէ այս պճուր մը հողը պահենք, զարգացնենք. ի՞նչ կեցեր էք՝ սփիւռք-սփիւռք կը խաղաք. ա՛յս է հայրենիքը. հայրենադարձութի՛ւն»: Պատուհանը՝ «չրը՛խկ», կը գոցուի:
Հեռացողը չի տեսներ անշուշտ դրացիին յարկաբաժնին նոր բացուող փեղկերէն դուրս ցցուած գլուխը. նորեկը, որուն դէմքը կը յիշեցնէ Պոթիչելլիի իրագործած երկարաւուն, տժգոյն եւ խարտեաշի ու բաց սրճագոյնի խառնուրդ մազերով դիմանկարները, ինքնավստահ շեշտով մը կը յայտարարէ . «Սփիւռքը կա՛յ ու պիտի մնա՛յ. աւելի լաւ է իրապաշտ ըլլանք ու պահենք ու զարգացնենք զայն. վերջ ի վերջոյ մենք ներկայ Հայաստանէն չենք եկած. մենք մեր տուները չենք ծախած դէպի դուրս նայելով. մենք դո՛ւրս դրուած ենք մեր տուներէն»:
Ձախ կողմի անկիւնէն ուրիշ երիտասարդ մը կը պոռայ. «սփիւռքը եւ Հայաստանը մէ՛կ են. մի՛ փորձէք բաժնել: Մենք մէկ ազգ ենք եւ մէ՛կ նպատակ ունինք»:
«Ես Թամզարա կը պարեմ. ուրեմն՝ հայ եմ», կը յոխորտայ աղջիկ մը:
«Ես մէկ բան գիտեմ» կ’ըսէ գրագէտի հովեր առած երիտասարդ մը. «Ես արեւմտահայերէնով կը գրեմ եւ դուրսը ի՛նչ կը պատահի՝ հոգս չէ՛. կարեւորը իմ գրելս է»:
«Իմ հոգս է՛». կը ձայնէ օրիորդ մը. «քանի՜, քանի՜ հայ մանուկներ, պատանիներ իրենց լեզուն չեն գիտեր. ձեզմով չի՛ վերջանար աշխարհը, պարո՛ն»:
Բացուող, գոցուող պատուհաններու այս խառնաղմուկը յանկարծ կ’ընդհատուի, երբ ծանօթ, շա՛տ ծանօթ երգի մը խազերը կը հասնին բոլորին:
Պաստառին ճի՛շդ մէջտեղի քառակուսիին մէջ եկեղեցիի խորան մը կը տեսնենք: Հոն են Առաջնորդը եւ դպրաց դասը. անոնք «Կիլիկիան» կ’երգեն. «երբ որ բացուին դռներն յուսոյ եւ մեր երկրէն փախ տայ ձմեռ…»:
Երկվայրկեան մը պատուհանները լուռ են եւ արցունքոտած աչքերու նման կը պլպլան:
Ուղեղիս մութ պաստառի յետնամասին կը յամենան հարցումները:
Ինչպէ՞ս ընել, որ մեր օրերու աններդաշնակ խճանկարին մէջ հասակ նետող ֆրանսահայ, ամերիկահայ, արժանթինահայ երիտասարդները չբաւարարուին «մենք հայ կը զգանք» ըսելով. անշո՛ւշտ որ հիանալի բան է հայ զգալը, բայց դժբախտաբար ամբողջական ազգային ինքնութեան մը գրաւականը չէ՛: Ինչպէ՞ս ընել, ուրեմն, որ օտար ափերու վրայ ծնած նոր «թոռնիկները» ո՛չ միայն հայ զգան եւ շարունակեն ըսել «մե՛նք ենք», այլ նաեւ՝ իրենց լեզուն վերագտնելով՝ գտնե՛ն իրենց ինքնութեան տունը, գունաւոր մատիտներու փոխարէն՝ հայերէն բառերով վերակերտե՛ն Երկիրը. լեզուին հասնելով վերագրաւե՛ն հայրենիքը «դեռ աշխարհ չեկած իրենց զաւակներուն համար»:
Յարգելի Անի, շատ յուզիչ եւ գեղեցիկ էր Ձեր գրութինը։ Շնորհակալութիւն։