Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
– «Շուարեր-մնացեր եմ: Չեմ գիտեր թէ որո՞ւն խօսքին հետեւիմ… Գործի երթա՞մ, թէ՞ շարունակեմ տունը բանտարկուած մնալ»,- հարց տուաւ բարեկամս, հեռաձայնին միւս ծայրէն: «Արդէն աւելի քան 2 ամիսէ ի վեր բարեկամ-ծանօթ-հարազատի հետ հաղորդակցութեան միակ ձեւը մնացեր է հեռաձայնը: Վստահ եմ, ամէն մարդ ալ ինծի պէս ամէն օր կ’օրհնէ յիշատակը Կրահամ Պէլի եւ իր գիւտը զարգացնողներուն…»:
– «Ինչո՞ւ շուարեր ես: Սա վերջին քանի մը ամիսները քեզի բաւարար փորձառութիւն չտուի՞ն, որ պէտք է միայն մտիկ ընես տրամաբանական բան ըսողին, գիտակին, եւ ո՛չ թէ գիտոսիկ չհասկցողներուն, նաեւ վստահիս իմաստութեանդ»,- բացատրեցի կէս-կատակ:
– «Բայց ինչպէ՞ս կրնանք տարբերութիւնը գիտնալ: Կարգ մը պետական մարդիկ կ’ըսեն, որ վարակին յաղթահարած ենք, շուկայեւ գործ վերաբանալու ցուցմունք կու տան, շուկաները կը բանան, միւս կողմէ, լուրերէն կը լսենք, որ Պսակաւոր ժահրը վերստին կը տարածուի, երբ մարդիկ եւ գործերը սկսած են շարժիլ»:
– «Սիրելի՛ բարեկամս: Հանելուկը այդքան ալ դժուար չէ, անիւի կամ կրակի գիւտին չի նմանիր: Ճիշդ է, որ վարակին տարածումը որոշ սահմանափակումի ենթակայ է, սակայն ամէն բան վարդագոյն չէ, եւ ԶԳՈՒՇ ըլլալը բոլորիս դիմաց կը մնայ գլխագիր հրամայականը: Տեղ կայ, որ վարակը տակաւին վտանգ կը սպառնայ, ուրիշ տեղ վտանգը նուազած է: Դուն քեզի հարց տուր, թէ փորձառութիւնդ քեզի ի՞նչ կ’ըսէ»:
– «Հանելուկ ըսածդ՝ ճիշդ այսպէս կ’ըլլայ: Իսկական հանելուկի դիմաց ենք: Եթէ պետական կարգ մը մարդոց ըսածին նայիս, պէտք է գործի վերադառնանք, իսկ ուրիշներ աղաչելու պէս կը պահանջեն, որ քիչ մը եւս համբերենք, իսկ գործի վերադարձողը պէտք է շատ զգուշ ըլլայ, կարգ մը ասպարէզներ աւելի դանդաղ պէտք է վերաբացուին»:
– «Ուրե՞մն… Երկու ըսուածն ալ հիմք ունի»:
– «Ինչպէ՞ս թէ…»:
– «Գործի վերադառնալը ունի այն հիմը, որ աշխարհը առանց գործի եւաշխատանքի չի կրնար երկար ապրիլ: Սա երկու երեք ամիսները պէտք է բաւական բան ըսած ըլլան թէ՛ պետական առաջնորդներուն, թէ մեզի պէս մարդոց: Վարակին քովն ի վեր ապահով ապրելու եւ աշխատելու ձեւերը պէտք է գտնենք: Այսինքն, եթէ գործի պիտի վերադառնաս, նախազգուշական միջոցները պիտի յարգես: Դիմակ պիտի գործածես, եթէ կասկածելի բանի մը դպար՝ պիտի լուացուիս, պիտի խուսափիս այնպիսի հաւաքավայրերէ, ուրկէ կրնաս վարակ ստանալ, որովհետեւ երբեմն վարակողն ալ չի գիտեր, թէ վարակակիր է: Եւ… ասանկ բաներ»:
– «Լուրերէն՝ տեղ մը լսեցի, որ մարդիկ կառավարական պատասխանատուներէն կը պահանջեն, որ օգտակար ըլլան ժողովուրդին»:
– «Իրաւունք ունին: Հիմա, այլեւս իմաստ չունի գանգատիլը, թէ պետական մարդիկը ուշ շարժեցան, սխալ շարժեցան: Եղածը եղած է: Այս՝ անցնող ժամանակը պէտք է բաւական փորձառութիւն տուած ըլլար թէ՛ պետական առաջնորդներուն, թէ ժողովուրդին»:
– «Ժողովուրդը ի՞նչ բաժին ունի ասոր մէջ»:
– «Անշո՛ւշտ որ բաժին ունի, մասնաւորաբար ասկէ ետք: Տե՛ս: Պետական որոշ պատասխանատուներ տակաւին կը մնան թերի ընթացքի մէջ: Ապահովութեան առարկաները՝ դիմակ, ձեռնոց եւ այլն, տակաւին պէտք եղած չափով չեն հասնիր հիւանդանոցները, ալ ո՜ւր մնաց բոլոր աշխատանքի վերադարձողներուն: Անդին, կը տեսնես, որ շուկաներ ու աշխատանք վերաբացող կարգ մը երկիրներու մէջ, նման միջոցներ ապահոված են: Ֆրանսայի մէջ, օրինակ, ճամբորդներուն ձրիաբար դիմակ կը բաժնեն, ուրեմն, անոնք քիչ մը աւելի՛ ապահով են, քան անտէր ձգուածները. հոն, վարակին վերստին տարածումը նոյնքան սպառնական չէ, որքան ուրիշ տեղ: Այս տեսակ միջոցառումներու մէջ, պետական մարդոց դերը վէճ չի վերցներ»:
– «Ժողովուրդը ի՞նչ կրնայ ընել»:
– «Ժողովուրդը, այսինքն բոլորս պիտի գիտնանք, որ վարակին զսպումին եւ վերստին տարածման մէջ մենք հիմա աւելի՛ մեծ դեր կրնանք ունենալ: Հիմա կը գտնուինք վարակին սկսման պէս վտանգաւոր փուլի մը սկիզբը, եթէ մեր խելքը ճիշդ ձեւով չգործածենք: Սկիզբը, չէինք գիտեր, թէ մեզ հալածողը որքա՛ն վտանգաւոր է. հիմա աւելի լաւ գիտենք: Ու եթէ վարակը դարձեալ տարածուի անսանձ, մեղադրանք փոխանակելը ո՛չ մէկ արժէք պիտի ունենայ: Կայ մարդ՝ որ կը մտածէ, թէ ես քաջ եմ, վարակէն վախնալու պէտք չունիմ, ազատ եմ դիմակ գործածելու կամ չգործածելու: Մինչեւ իսկ մտածողներ կան, թէ աղօթելով վտանգէ զերծ կը մնան: Պէտք չէ ազատութիւն եւ հաւատք ըսուածները աժանցնել, իրենց իմաստէն պարպել: Հոս քաջութեան ու վախկոտութեան հարց ալ չի կրնար ըլլալ: Մարդիկ պէտք է վտանգը տեսնեն իր ամէնէն պարզ երեսով, գիտութեան ձայնը լսեն, տրամաբանութիւն գործածեն»:
– «Այսի՞նքն…»
– «Երկու հարցում հարցնեմ, պատասխանէ՛: Վարակին դեղը գտնուա՞ծ է, պատուաստ կա՞յ»:
– «Կ’ըսեն, որ երկուքին համար ալ փորձեր կ’ընեն…»:
– «Դուն ինծի պարզ պատասխան մը տո՛ւր: Դարման կա՞յ, գտնուա՞ծ է»:
– «Ո՛չ. մէկը դեռ վստահ բան չի կրնար ըսել»:
– «Ուրե՞մն…: Երբ բանալին չկայ, պիտի նայիս, որ ի՞նչ կը մնայ ընելիք: Ո՛չ մէկ գործնական արդիւնքի կրնանք հասնիլ, եթէ այս աղէտը քաղաքական վէճերու նիւթ դարձնենք: Վարակին վերստին տարածումէն չենք կրնար խուսափիլ, եթէ պահանջուած ու թելադրուած զգուշութեան միջոցները չգործադրենք: Ուրիշ ճամբայ կա՞յ: Այսինքն, կառավարութիւնը, պետական պատասխանատուները ասանկ-անանկ պէտք է ընեն, ըսելով՝ եթէ մէկդի ձգենք պատասխանատուութեան մեր բաժինը, արդիւնքի չենք հասնիր, վտանգը մեր գլխուն վրայ կախուած կը մնայ: Մէկ, երկու հոգիի անփութութիւնը տասնեակներով վարակումներ կրնայ պատճառել: Այսքան պարզ…»:
– «Կարծեմ ըսածդ այն է, որ ծափ զարնելու համար, երկու ձեռքի պէտք կայ: Եւ հիմա, ծափելու ատեն ալ թերեւս պէտք է ձեռնոց գործածենք, հոգ չէ թէ ձայնը լաւ պիտի չլսուի…: Մնաս անվտա՛նգ»:
– «Շնորհակալ եմ: Դո՛ւն ալ, ընտանի՛քդ ալ: Իսկ ձայնով ծափելու համար, սպասենք, որ վարակին դեղն ու անոր դէմ պատուաստը գտնուին շուտով: Այն ատեն, առանց ձեռնոցի ծափերուն ձայները պիտի լսուին Ճափոնէն եւ Աւստրալիայէն մինչեւ Ափրիկէ, Եւրոպա ու Ամերիկաներ:
Յարգելի խմբագրութիւն, ինչո՞ւ ուրիշի ուղղակի խօսքի ժամանակ թէ՚ չակերտ, թէ՚ գծիկ. աւելորդ են բոլոր չակերտները, քանի որ նոր տողէ կը սկսին, եւ գիծ կայ։