ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ազատութիւն»․- Մինէափոլիսի մէջ կեղծ թղթադրամ շրջանառելու մեղադրանքով ձերբակալուելէ ետք, սպիտակամորթ ոստիկանի մը կողմէ խեղդամահ եղած 46ամեայ սեւամորթ քաղաքացի Ճորճ Ֆլոյտ Միացեալ Նահանգներու եւ ամբողջ աշխարհի տարածքին դարձած է ցեղային խտրականութեան դէմ պայքարի խորհրդանիշ:
Ֆլոյտ երէկ հողին յանձնուեցաւ իր ծննդավայր Հիւսթընի մէջ, իր մօր գերեզմանին կողքին, մօտաւորապէս 4 ժամ տեւած յուղարկաւորութեան արարողութենէն ետք։
Յուղարկաւորութեան ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ, հոգեւորական, իրաւապաշտպան, քաղաքական գործիչ եւ հրապարակախօս Էլ Շարփթըն ըսաւ․ «Ֆլոյտ մերժուած էր ու անպիտան քարի մը պէս մէկ կողմ նետուած: Աստուած վերցուց այդ մերժուած քարը եւ դարձուց ամբողջ աշխարհը փոխելու շարժումին հիմնաքարը»: