ՄԱՐԻ (ՊՈՅԱՃԵԱՆ) ԽՇՈՒԱՃԵԱՆ
(Ծնեալ Ապրիլ 1, 1935ին, Հալէպ)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ կնոջ, մօր, մեծ մօր, քրոջ եւ հարազատին՝ Մարի Խշուաճեանի մահը, որ պատահեցաւ Հինգշաբթի, 18 Յունիս 2020ին, Լոս Անճելըս:
«Քորոնա» ժահրի համաճարակին պարտադրած պայմաններուն պատճառով, յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի միայն ընտանեկան պարագաներու ներկայութեամբ:
Սգակիրներ՝
Ամուսինը՝ Գրիգոր Խշուաճեան
Զաւակը՝ Կարօ եւ Ճինի Խշուաճեան եւ զաւակները՝ Քրիսթինա, Մայքըլ եւ Ալեքս
Դուստրը՝ Արուսիկ եւ Սարգիս Սէփեան եւ զաւակները՝ Վիգէն եւ Նայիրի
Դուստրը՝ Զեփիւռ եւ Րաֆֆի Օհանեան եւ զաւակները՝ Արա, Լենա եւ Քնար
Զաւակը՝ Վրէժ եւ Սափէք Խշուաճեան եւ զաւակները՝ Հանթըր եւ Լօրըն
Եւ համայն Խշուաճեան, Սէփեան, Օհանեան, Պոյաճեան, Գլնճեան եւ Պետիկեան ընտանիքներն ու հարազատները
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել ՀՕՄի «Անահիտ» մասնաճիւղին. Armenian Relief Society “Anahid” Chapter, P.O. Box 19191 Encino, CA 91416-9191: