ԵՐԵՒԱՆ․- Հայաստան Համահայկական հիմնադրամը 55,000 տոլարի նուիրատւութիւն կատարեց` աջակցելով Լիբանանի կրթական հաստատութիւններուն, որոնք երկրին մէջ տիրող ընկերային-տնտեսական ճգնաժամային պայմաններուն պատճառով, դժուար կացութեան մէջ յայտնուած են:
Հիմնադրամէն կը տեղեկացնեն, թէ միջոցները հաւաքուած են Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ հիմնադրամի տեղական կառոյցներուն կողմէ:
«Այժմ, երբ մեր բոլոր ճիգերը ուղղուած են սատարելու Հայաստանի եւ Արցախի առողջապահական ոլորտին, կարեւոր է նաեւ ձեռք մեկնել Լիբանանի մէջ դժուար պայմաններու տակ գտնուող մեր կրթական-մշակութային օճախներուն, ինչպէս նաեւ տասնեակ տարիներ գործող հայալեզու լրատուամիջոցներուն: Լիբանանի մէջ ընկերային-տնտեսական ծանր ճգնաժամն ալ աւելի ահագնացաւ համաճարակին տարածումով: Աշխարհասփիւռ հայկական համայնքները Համահայկական հիմնադրամին մշտական ուշադրութեան տակ են», կը նշէ հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեան:
Նշեալ աջակցութեան կողքին, 10,000 տոլար համամասնաբար պիտի տրամադրուի Լիբանանի հայկական լրատուամիջոցներուն՝ «Ազդակ», «Զարթօնք» եւ «Արարատ» թերթերուն, ինչպէս նաեւ «Վանայ Ձայն» ձայնասփիւռի կայանին:
Հայաստան Համահայկական հիմնադրամը Դեկտեմբեր 2019ին, Լիբանանի Հայոց Ազգային առաջնորդարանին միջոցով, հայկական 18 կրթական հաստատութիւններու փոխանցած էր 150,000 տոլարի նուիրատուութիւն, որուն 50,000ը՝ Արցախի կառավարութեան կոմէ էր: