ԱՌԱՒԵԼ ՔԱՆ 100 ԶՈՀ ԽԼԱԾ ՊԱՅԹՈՒՄԻՆ ՎՆԱՍՆԵՐԸ ՄԻԼԻԱՌԱՒՈՐ ՏՈԼԱՐՈՎ ԿԸ ԳՆԱՀԱՏՈՒԻՆ
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Պի․Պի․Սի․»․- Երէկ Պէյրութի նաւահանգիստը ցնցած հսկայական պայթումին զոհերուն թիւը հասաւ135ի, մինչ փրկարար ջոկատներ աւերակներու տակ մնացած մօտաւորապէս 100 ուրիշներ ազատելու ջանքերը կը շարունակէին։ Կան առաւել քան 4000 վիրաւորներ,իսկ մօտաւորապէս 300,000 քաղաքացիներու բնակարանները վնասուած են։
Եւրոպական շարք մը երկիրներէ փրկարար ջոկատներ արդէն սկսած են ժամանել Լիբանան, աջակցելու համար տեղական ջանքերուն։
Ըստ նախնական տուեալներու՝ մայրաքաղաքին եւ անոր արուարձաններուն կրած վնասները միլիառաւոր տոլարի կը հասնին։
Ըստ Մեսեչուսեթսի Արհեստագիտութեան հիմնարկի մասնագէտներէն Արեգ Դանագուլեանի՝ պայթումը Հիրոշիմայի հիւլէական պայթումին 10 տոկոսին ուժգնութիւնը ունեցած է, ինչ որ համազօր է 1100 թոն «Թի․Էն․Թի․»ի պայթումի մը։
Լիբանանի ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն Ապպաս Իպրահիմ յայտնած էր, որ Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումը պատճառած է 2750 թոն ամոնիոմի պահեստը, որ 2013ին Վրաստանէն Մոզամպիք ճամբուն վրայ մոլտովական փոխադրանաւէ մը գրաւուելէն ի վեր ամբարուած էր նաւահանգիստին մէջ։
Նշենք, որ նաւահանգիստին բոլոր պաշտօնատարները տնային կալանքի տակ դրուեցան, մինչ հետաքննութիւն կը կատարուի։
Տնտեսական ծանր տագնապ եւ ամբողջ աշխարհին նման «Քորոնա» ժահրի համաճարակը դիմագրաւող լիբանանցին նոր ցնցում մը ապրեցաւ այս պայթումին իբրեւ արդիւնք:
Յայտարարուեցաւ, որ Պէյրութի եւ արուարձաններու բնակիչները պահպանիչ դիմակներով պէտք է մնան՝ նոյնիսկ իրենց բնակարաններուն մէջ, չշնչելու համար պայթումին պատճառով օդը տարածուած թունաւոր կազերը: