Ամերիկայի Հայ աւետանչական ընկերակցութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ 2020-2021 կրթական տարեշրջանին համար 221,300 տոլարի կրթանպաստներ տրամադրած է 85 ուսանողներու, որոնք իրենց ուսումը կը շարունակեն Միացեալ Նահաներու եւ Գանատայի համալսարաններու մէջ։
Ընկերակցութիւնը նաեւ առաւել քան 32,000 տոլար պիտի յատկացնէ Հայաստանի մէջ ուսանող համալսարանականներու։