ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Լոս Անճելըս գաւառի իշխանութիւնները 26 Օգոստոսին հաղորդեցին, որ «Քորոնա» ժահրով վարակումներուն թիւը կը շարունակէ նուազիլ, յատկապէս դիմակ կրողներու թիւի աճին շնորիւ: Նախորդող 24 ժամերուն արձանագրուեցան 1642 վարակումներ եւ 58 մահեր։ Մէկ օր առաջ 989 վարակումներ արձանագրուած էին, ինչ որ կը նշանակէ, թէ առաջին անգամ ըլլալով մէկ օրուան մէջ վարակուղներուն թիւը հազարէն ցած եղած էր Յունիսէն ի վեր:
14օրեայ տուեալներու համաձայն՝ իւրքանչիւր 100,000ի վրայ վարակակիրներուն թիւը իջած է 198ի։
Գաւառին տարածքին ցարդ արձանագրուած են 235,386 վարակումներ եւ 5663 մահեր, իսկ հիւանդանեցներու մէջ դարմանուողներուն թիւը իջած է 1186ի:
Ցարդ գաւառին մէջ կատարուած են 2.2 միլիոն քննութիւններ, որոնց մօտաւորապէս 10 տոկոսը վարակակիր եղած է:
Քալիֆորնիոյ տարածքին արձանագրուած են 687,552 վարակումներ եւ 12,553 մահեր:
Աւելի քան 6 միլիոն վարակակիրներով եւ 183,000 մահերով աշխարհի առաջինը հանդիսացող Միացեալ Նահագներուն կը յաջորդեն Պրազիլ, Հնդկաստան եւ Ռուսիա, ուր կան յաջորդաբար 3.7 միլիոն, 3.4 միլիոն եւ 975,576 վարակուածներ: Պրազիլի մէջ արձանագրուած են 117,996 մահեր, Մեքսիքայի մէջ՝ 62,076, իսկ Հնդկաստանի մէջ՝ 61,675:
Աշխարհի տարածքին վարակուածներու մօտաւոր թիւը 24.5 միլիոն է, իսկ մահերունը` 830,000: Ապաքինած են 17 միլիոն վարակուածներ: