ՄԱԿ, «Էյ.Փի.».- ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը Երեքշաբնթի օր մերժեց Իրանի դէմ պատժամիջոցները վերականգնելու Միացեալ Նահանգներու պահանջը:
Նախորդ շաբաթ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին ծանուցած էր Իրանի դէմ պատժամիջոցները վերականգնելու մտադրութեան մասին՝ պատճառաբանելով, որ անոր համար հիմք կը ծառայեն Իրանի՝ հիւլէական ծրագիրին վերաբերեալ 2015ին կնքուած համաձանագիրին պայմաններուն խախտումը։
Ռուսիոյ ներկայացուցիչ, արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու մտադրութիւնները բացարձակապէս անհիմն են եւ ո՛չ քաղաքական, ո՛չ ալ իրաւական հիմքեր ունին:
Ֆրանսայի, Բրիտանիոյ, Գերմանիոյ, Չինաստանի եւ Հարաւային Ափրիկէի ներկայացուցիչները իրենց կարգին յայտարարեցին, որ Միացեալ Նահանգները Իրանի դէմ պատժամիջոցները վերականգնելու պահանջ ներկայացնելու իրաւունք չունի, որովհետեւ 2018ին դուրս եկած էր հիւլէական համաձայնութենէն:
ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը նախապէս մերժած էր նաեւ Իրանի զէնքի ներածման արգելքը երկարաձգելու Միացեալ Նահանգներու առաջարկը: