ՔԸՆՈՇԱ, Ուիսքանսըն, «Պի.Պի.Սի.».- Անցնող շաբաթավերջին, ոստիկաններ Լուիզիանա եւ Ուիսքանսըն նահանգներուն մէջ կրակ բացին երկու սեւամորթներու վրայ՝ սպաննելով անոնցմէ մէկը եւ ծանրօրէն վիրաւորելով երկրորդը. վերջինը՝ կրնակէն եւ իր երեք զաւակներուն (3, 5 եւ 8 տարեկան) առջեւ: Այս ոճիրներէն ետք, ոստիկանութեան բռնարարքներուն դէմ եւ սեւամորթներու իրաւանց ի նպաստ ցոյցերը դարձեալ սաստկացան շարք մը քաղաքներու մէջ:
Ուիսքանսընի ցոյցերուն ընթացքին, որոնց մասնակցողներէն ոմանք նաեւ խափանարարութիւններու դիմեցին, ցուցարարները դէմ յանդման գտնուեցան զինեալ քաղաքացիներու։ Անոնցմէ մէկը՝ 17ամեայ երիտասարդ մը, որ ցուցարարներուն վրայ յարձակելու նպատակով, սահմանակից Իլինոյ նահանգէն ժամանած էր, Երեքշաբթի գիշեր կրակ բացաւ՝ սպաննելով երկու ցուցարարներ եւ ծանօրէն վիրաւորելով երրորդ մը։
Յատկանշական է, որ ան զէնքը ձեռքին՝ ոստիկաններու դիմաց ազատօրէն կրցաւ անցնիլ եւ Իլինոյ վերադառնալ, ուր ձերբակալուեցաւ Չորեքշաբթի օր։
Ընկերային ցացներու վրայ ոճրագործին տեղադրած տեղեկութիւններուն համաձայն՝ ան ոստիկաններուն եւ Թրամփին համակիր է։
Նշենք, որ արհեստավարժ պասքեթպոլի, ֆութպոլի, պէյսպոլի եւ այլ մրցումներ Չորեքշաբթի օր յետաձգուեցան՝ իբրեւ բողոք ոստիկանութեան բռնարարքներուն դէմ։