ԺԸՆԵՒ․- «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու մեծագոյն թիւը ունեցող երկիրներու ցանկին վրայ, Հնդկաստան առաջին անգամ ըլլալով յառաջ անցաւ 3րդ դիրքը գրաւող Պրազիլէն եւ այժմ 4․3 միլիոն վարակակիրներով ետ կը մնայ միայն աւելի քան 6․4 միլիոն վարակակիրներ ունեցող Միացեալ Նահանգերէն։
Միւս կողմէ, Լոս Անճելըս գաւառի իշխանութիւնները 7 Սեպտեմբերին հաղորդեցին, որ նախորդող 24 ժամերուն արձանագրուած են 494 վարակումներ եւ 25 մահեր։ Գաւառին տարածքին ցարդ արձանագրուած են 248,821 վարակումներ եւ 6030 մահեր։
Քալիֆորնիոյ տարածքին արձանագրուած են 741,486 վարակումներ եւ 13,763 մահեր:
Աշխարհի տարածքին վարակուածներու մօտաւոր թիւը 27․5 միլիոն է, իսկ մահերունը` 898,000: Ապաքինած են 18․2 միլիոն վարակուածներ: