ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Հայաստանը դարձած է աշխարհի 47րդ պետութիւնը, որ աւարտած է Եւրոպայի խորհուրդի` «Սեռային շահագործումն եւ սեռային բնոյթի բռնութիւններէ երեխաները պաշտպանելու» համաձայնագիրի վաւերացումը («Լանզարոտի համաձայնագիր»): Այս մասին կը յայտնէ Եւրոպայի խորհուրդի պաշտօնական կայքը:
Եւրոպայի խորհուրդին մօտ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ, դեսպան Պարոյր Յովհաննիսեան համաձայնագիրը ի պահ յանձնած է ընդհանուր փոխքարտուղար Կապրիէլա Պաթթաինի-Տրակոնիին:
«Ես կ՛ողջունեմ Հայաստանի կողմէ Լանզարոտի համաձայնագիրի վաւերացումը: Անիկա եզակի գործիք է` կանխելու եւ պայքարելու ամէնէն դաժան յանցագործութիւններէն մէկուն դէմ, որ, դժբախտաբար, տակաւին շատ տարածուած է մեր հասարակութեան մէջ», ըսաւ Կապրիէլա Պաթթաինի-Տրակոնի:
Համաձայնագիրը ուժի մէջ պիտի մտնէ 1 Յունուար 202ին: