ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ամերիկայի Ձայն».- Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ղեկավար Թետրոս Կեպրիեսուս յայտարարեց, որ աշխարհը պէտք է աւելի լաւ պատրաստուած ըլլայ դիմագրաւելու յաջորդ համաճարակը՝ կոչ ընելով բոլոր երկիրներուն, որ ներդրումներ կատարեն հանրային առողջապահութեան ոլորտին մէջ:
Ան շեշտեց, թէ «Քորոնա» ժահրի համաճարակը վերջին համաճարակը չէ՝ աւելցնելով. «Պատմութիւնը մեզի սորվեցուցած է, որ համաճարակները մեր կեանքին մէկ մասն են»:
Լոս Անճելըս գաւառի իշխանութիւնները 9 Սեպտեմբերին հաղորդեցին, որ նախորդող 24 ժամերուն արձանագրուած են 671 վարակումներ եւ 61 մահեր: Գաւառին տարածքին ցարդ արձանագրուած են 249,859 վարակումներ եւ 6090 մահեր, իսկ հիւանդանոցներու մէջ դարմանուողներուն թիւը իջած է 936ի:
Քալիֆորնիոյ տարածքին արձանագրուած են 747,991 վարակումներ եւ 13,990 մահեր:
Թեքսասի եւ Ֆլորիտայի մէջ յաջորդաբար 677,890 եւ 654,731 վարակումներ արձանագրուած են:
Աւելի քան 6.56 միլիոն վարակակիրներով եւ 195,000 մահերով աշխարհի առաջինը հանդիսացող Միացեալ Նահագներուն կը յաջորդեն Հնդկաստան, Պրազիլ եւ Ռուսիա, ուր կան յաջորդաբար 4.5 միլիոն, 4.2 միլիոն եւ 1.05 միլիոն վարակուածներ: Պրազիլի մէջ արձանագրուած են 128,857 մահեր, Հնդկաստանի մէջ՝ 76,155, իսկ Մեքսիքայի մէջ՝ 69,095:
Աշխարհի տարածքին վարակուածներու մօտաւոր թիւը 28.2 միլիոն է, իսկ մահերունը՝ 911,000: Ապաքինած են 20.2 միլիոն վարակուածներ: