ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Պի.Պի.Սի.».- Միացեալ Նահանգներու ներքին գործոց նածարարութեան գաղտի սպասարկութեան մէկ նախկին պաշտօնատար Պրայըն Մըրֆի կը տեղեկացնէ, թէ պաշտօնէն հեռացուած է, որովհետեւ տեղի չէր տուած երկրին դիմագրաւած վտանգներուն մասին զեկուցումին մէջ Սպիտակ տունէն պարտադրուող փոփոխութիւնները կատարել։
Արդարեւ, Սպիտակ տունը պահանջած է, որ «մեղմացուի»ն զեկոյցին այն մասերը, ուր կը խօսուին Ռուսիոյ կողմէ ընտրութիւններուն միջամտութիւննեռուն եւ ծայրայեղ աջակողմեան կազմակերպութիւննեռուն՝ սպառնացող վտանգներուն մասին։