ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ տեղի ունեցան ոլորտային խորհրդակցութիւններ Հայաստանի եւ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւններու կառուցուածքային ստորաբաժանումներուն միջեւ։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր արտաքին գործոց նախարարութեան ընդհանուր քարտուղար Վահագն Մելիքեան, իսկ Արցախի պատուիրակութիւնը՝ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան ընդհանուր քարտուղար Սեմիոն Աֆիեան։
Զոյգ պատուիրակութիւններուն մէջ ներգրաւուած համապատասխան ստորաբաժանումներու ղեկավարները հանգամանալից կերպով քննարկեցին գերատեսչութիւններուն միջեւ ոլորտային համագործակցութեան ամրապնդման եւ խորացման վերաբերող հարցեր:
Աշխատանքային այցելութեամբ Արցախ գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութան պատուիրակութիւնը ընդունեց Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան: Ան մեծապէս կարեւոր համարեց Արցախի եւ Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններուն միջեւ նման ձեւաչափով խորհրդակցութիւններու իրականացումը, ինչ որ կարելիութիւն կու տայ ուրուագծելու երկու գերատեսչութիւններուն միջեւ հաստատուած համագործակցութեան առաւել ընդլայնման հեռանկարները:
Վահագն Մելիքեան շնորհակալութիւն յայտնեց արցախեան կողմին՝ ջերմ ընդունելութեան համար եւ ընդգծեց երկու արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ ստորագրուած խորհրդակցութիւններու ծրագիրի ծիրին մէջ պարբերական հանդիպումներու եւ փոխադարձ այցելութիւններու կարեւորութիւնը։