ԶՕՀՐԱՊ ԳՐԻԳՈՐ ԱՆՏՈՆԵԱՆ
(Ծնեալ՝ 1 Մայիս 1928ին, Հալէպ, Սուրիա)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ հօր, մեծ հօր եւ հարազատին՝ Զօհրապ Գրիգոր Անտոնտեանի մահը, որ պատահեցաւ Հինգշաբթի, 17 Սեպտեմբեր 2020ին։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ միայն ընտանեկան պարագաներով Երկուշաբթի, 28 Սեպտեմբեր 2020ին, Duggan’s Serra Mortuary մատրան մէջ, ապա թաղումը՝ Cypress Lawn-ի հայկական գերեզմանատան մէջ։
Սգակիրներ`
Դուստրը՝ Ռոստոմ եւ Հուրիկ Այնթապլեան եւ զաւայները
Դուստրը՝ Վահան եւ Ծովիկ Տէրունեան եւ զաւակները
Զաւակը՝ Մուշեղ եւ Կրէյս Անտոնեան եւ զաւակները
Զաւակը՝ Արամ եւ Ալին Անտոնեան եւ զաւակները
Թոռը՝ Մհեր եւ Դալար Այնթապլեան եւ զաւակները
Թոռը՝ Արմէն եւ Լոռի Վարդանեան եւ զաւակները
Թոռը՝ Մհեր եւ Սուզաննա Սուսանեան եւ զաւակները
Թոռը՝ Յովիկ եւ Անի Տէքէեան
Քեռայրը՝ Տէր Տաթեւ Աւ. Քհնյ. եւ Երէցկին Գալուստեան եւ զաւակները
Եւ համայն, Այնթապլեան, Տէրունեան, Գալուստեան, Սարգիսեան, Թօքմէճեան ընտանիքները, հարազատներն ու բարեկմները
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւններ կատարել ՀՅԴ »Քրիստափոր« կոմիտէութեան եւ կամ ՀՄԸՄի Սան Ֆրանսիսքոյի մասնաճիւղին։
ԶՈՀՐԱՊ ԳՐԻԳՈՐ ԱՆՏՈՆԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը, ընկերային ծառայութիւններու գրասենեակի եւ հոգեբանական բաժինի տնօրէնութիւնները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի դստեր՝ Շրջանային վարչութեան նախկին անդամներէն Հուրիկ Այնթապլեանին, զաւակնեուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
ԶՈՀՐԱՊ ԳՐԳԻԳՈՐ ԱՆՏՈՆԵԱՆի՝ ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան նախկին անդամին (1978-1980,1982-1986) եւ 1992ի՝ 17րդ Նաւասարդեան Մարզախաղերու Տիպար ՀՄԸՄականին, մահուան տխուր առիթով, ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութիւնը ու իր բոլոր մասնաճիւղերը իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի զաւակներուն` Հուրիկին, Ծովիկին, Մուշիկին եւ Արամին, ընտանեկան բոլոր պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։