ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Լոս Անճելըս քաղաքին մէջ արդէն քանի մը օր բողոքի ցոյցեր իրականացնող հայ համայնքը իր ձայնը յստակօրէն հասցուց «անկողմանակալութեան» անուան տակ Պաքուի յարձակողապաշտ քաղաքականութեան վրայ վառելանիւթ լեցնելու CNN-ի խմբագիրներուն։
Արդարեւ, վերջին քանի մը օրերուն հարիւրաւոր հայ ցուցարարներ Հոլիվուտի Սանսեթ պողոտային վրայ գտնուող շէնքին շուրջ ցոյցեր կատարելով՝ փակեցին շարք մը ճամբաներ եւ մէկ ժամուան համար նոյնիսկ թիւ 101 եւ 170 ազատուղիները, պահանջելով, որ իրականութիւնը ներկայացուի Ատրպէյճանի յարձակումին մասին:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի հաղորդակցութեան վարիչ Ալեքս Կալիցքի «Լոս Անճելըս Թայմզ»ին յայտնեց, թէ միջազգային մամուլը իրականութիւնը կը խեղաթիւրէ, երբ կը հաղորդէ, թէ տեղի ունեցածին համար հաւասարապէս պատասխանատու են երկու կողմերը, մինչ իրականութեան մէջ Պաքուէն է, որ սկսած է յարձակումները եւ կը ռմբակոծէ խաղաղ բնակչութիւնը։
«Լոս Անճելըս Թայմզ»ը նաեւ կը տեղեկացնէ, թէ Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Էրիք Կարսեթի հայութեան զօրակցելու կոչ կատարեց՝ պահանջելով Ուաշինկթընէն, որ նպաստէ խաղաղութիւն հաստատելու ջանքերուն եւ Թուրքիա դադրեցնէ իր միջամտութիւնները։