ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հակառակ 9 Նոյեմբերին կնքուած եռակողմանի յայտարարութեան՝ 12 Դեկտեմբերին ատրպէյճանական կողմը յարձակում գործեց Արցախի Հանրապետութեան Հին Թաղեր եւ Խծաբերդ բնակավայրերուն ուղղութեամբ: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Արցախի պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները ձեռնարկեցին համարժէք միջոցառումներու՝ թշնամիի աշխուժութիւնը ճնշելու համար: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուց, որ 11 Դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 20:40ի շուրջ, օգտուելով այն փաստէն, որ Արցախի Հանրապետութեան նշեալ հատուածին մէջ խաղաղապահ ուժեր տեղակայուած չեն, Ատրպէյճանի զինուած ուժերու յատուկ ջոկատային ստորաբաժանումները յարձակեցան արցախեան-ատրպէյճանական շփման գիծի Հատրութի շրջանի Հին Թաղեր եւ Խծաբերդ բնակավայրերու հատուածին վրայ: Նախարարութիւնը դատապարտեց ատրպէյճանական կողմին՝ մարտական գործողութիւններու դադրեցման եւ ռուս խաղաղապահներու տեղակայման վերաբերեալ եռակողմանի յայտարարութեամբ ստանձնած պարտաւորութիւններու այս կոպտագոյն խախտումը՝ հաստատելով, որ նշուած գործողութիւնները նպատակ ունին արժեզրկելու Ռուսիոյ խաղաղապահ ուժերուն ներկայութիւնը տագնապի գօտիին մէջ:
Աւելի ուշ, Ռուսիոյ խաղաղապահ ուժերը ընդլայնեցին պատասխանատուութեան գօտին եւ իրենց վերահսկողութեան տակ առին Հին թաղերը եւ Խծաբերդը:
Արցախի Ազգային ժողովի նախկին պատգամաւոր Հայկ Խանումեան 14 Դեկտեմբերին յայտնեց, որ Հադրութի շրջանի Խծաբերդի եւ Հին Թաղերու հատուածին մէջ վերսկսած մարտական գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք շրջափակման մէջ յայտնուած են պաշտպանութեան բանակ զօրակոչուած 9 պահեստազօրային, որոնց հետ կարելի չէ եղած կապ հաստատել։
Շուշիի շրջանի Հին Շէն համայնքի ղեկավար Սամուէլ Սարգսեան յայտնեց, որ ռուս խաղաղապահները շրջանին մէջ դիտակէտ հաստատեցին եւ կ՛ապահովեն բնակիչներուն անվտանգութիւնը: «Ադրբեջանցիները երկու օր է, ինչ փակել են մայրուղուց դէպի գիւղ եկող ճանապարհը: Այնուհետեւ, ռուս խաղաղապահները եկել են եւ դիտակէտ են ստեղծել: Այժմ գիւղում ապրող ընտանիքներն անվտանգ են: Մեր տեղեկութեամբ, ռուս խաղաղապահները նաեւ բանակցութիւններ են վարում ադրբեջանցիների հետ, որպէսզի ճանապարհը բացեն», յայտնեց Հին Շէնի գիւղապետը:
Հին Թաղերու գիւղապետ Էդիկ Այվազեան ըսաւ, որ մարտերուն հետեւանքով կան 8 վիրաւորներ եւ 10 անձեր գերի առնուածներ՝ աւելցնելով «10 հոգի անհետ կորած էին, յետոյ պարզուել է, որ թուրքերի մօտ են: Հիմա իմ տուեալներով՝ ռուսները թուրքերին հարցրել են, ասել են՝ մենք մարդ չենք վերցրել, բայց տղերքը տեսել են, որ գերի են բռնել, տարել 10 հոգու»: