ՀՌՈՄ․– Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ Հենրիկ Մխիթարեանի ապագան` իտալական «Ռոմա»ի հետ, կը շարունակէ մնալ հարցականի տակ:
Ըստ իտալական մամուլին՝ թէեւ ակումբը կը փափաքի նոր պայմանագիր մը ստորագրել 32 տարեկան միջնապահին հետ, սակայն Մխիթարեան եւ անոր փոխանցման գործողութիւններով զբաղող Մինօ Ռայոլա կը մնան երկմտանքի մէջ: Կը կարծուի, թէ այս գծով Մխիթարեան վերջնական որոշում մը տայ այս տարեշրջանի աւարտին, երբ կ՛աւարտի անոր պայմանագրիրը։
Կան լուրեր, ըստ որոն, Իտալիոյ ախոյեան «Եուվենթուս» կը փափաքի իր կազմին միացնել Մխիթարեանը: