ՊՈԼԻՍ․– Պոլսոյ հայոց պատրիարքՍահակ Բ. 9 Մարտին, պատրիարքարանին մէջ ընդունեց Ուաշինկթընի մօտ Թուրքիոյ նորանշանակ դեսպան Հասան Մուրատ Մերճանը։
Դեսպանը նախապէս եղած է Թուրքիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր եւ մօտաւորապէս երեք տարի պաշտօնավարած է՝ իբրեւ Ճափոնի մօտ Թոքիոյ դեսպան։ Ան, նախքան իր նոր պաշտօնին սկսիլը փափաքած էր այցելել Թուրքիոյ Հայոց հոգեւոր կեդրոնը։ Այս այցելութիւնը առիթ եղաւ որ պատրիարքը դեսպանին հետ զրուցէ շարք մը նիւթերու մասին եւ յատկապէս անդրադառնայ հայ համայնքի պատմականին։
Հանդիպման աւարտին, հիւրը շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրասիրութեան համար, իսկ պատրիարքը յաջողութիւն մաղթեց դեսպանին։