ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն»․– Աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքի ծիրին մէջ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը Երեւանի մէջ պիտի ունենայ երկու մրցումներ, որոնց ընթացքին մարզադաշտին մէջ միայն 30 տոկոսի համեմատութեամբ համակիրներ պիտի ընդունուին: Տոմսերուն վաճառքը արդէն սկսած է:
Ժ. խմբակին մաս կազմող Հայաստան 28 Մարտին կը հիւրընկալէ Իսլանտան, իսկ երեք օր ետք՝ Ռումանիան: 28 Մարտին, Հայաստան հիւրը պիտի ըլլայ Լիխթնշթայնի: