ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն»․- Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին 11 եւ 12 Մարտին, հեռաձայնային զրոյցներ ունեցաւ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներուն հետ:
«Քննուեցան Լեռնային Ղարաբաղի հարցով պայմանաւորուածութիւններու իրականացման գործնական երեսները, որոնք արձանագրուած են 9 Նոյեմբեր 2020ի եւ 11 Յունուար 2021ի եռակողմ յայտարարութիւններուն մէջ», կ՛ըսուի Քրեմլինի մամլոյ ծառայութեան հաղորդագրութեան մէջ: Անոր մէջ ռուսական կողմը գոհունակութեամբ կ՛արձանագրէ, որ զինադադարը «անշեղօրէն կը պահպանուի, իսկ տարածաշրջանին մէջ իրավիճակը ընդհանուր առմամբ կայուն եւ հանգիստ է»:
Ըստ Քրեմլինի՝ «Իիլհամ Ալիեւ եւ Նիկոլ Փաշինեան բարձր գնահատեցին շփման գիծին երկայնքով եւ Լաչինի միջանցքին մէջ տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ ուժերու անձնակազմի գործողութիւններու արդիւնաւէտութիւնը»:
Զրոյցներուն ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ փոխադրական եւ տնտեսական կապերու ապարգելափակման վերաբերող հարցերուն եւ դրական համարուեցաւ երեք երկիրներու փոխվարչապետերուն համանախագահութեամբ աշխատանքային խմբակի գործունէութիւնը: Նաեւ միտքեր փոխանակուեցան նաեւ ռուս-ատրպէյճանական ու ռուս-հայկական համագործակցութեան արդիական հարցերու շուրջ: